Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգեստ Մը` Կաղանդ Պապայէն

December 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սիրո՛ւն աղջիկ, ինչո՞ւ նստած ես այդպէս մտահոգ: Նոր տարուան սեմին այս անգամ նուէրս քեզի կը յանձնեմ նամակով մը, զոր գրած եմ քեզի համար: Նոր տարուան առիթով քեզի պիտի նուիրեմ զգեստ մը, որուն նմանը դեռ չկայ աշխարհին վրայ:

Անոր օձիքը հիւսուած պիտի ըլլայ սիրոյ թելերով անհամար, որ կեանքիդ ընթացքին միայն լաւ առիթներով ու քեզ սիրող անձերու հետ ողջագուրուիս:

Անոր կուրծքը այնպէս հիւսուած պիտի ըլլայ, որ ոչ մէկ նեղութիւն սիրտդ յուզէ, որ` կեանքի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները դէպի զգացումներդ ճամբայ չգտնեն:

Անոր թեւերը հիւսուած պիտի ըլլան աշխատասիրութեամբ ու գուրգուրանքով, որպէսզի ձեռքերդ եփեն ու թափեն, հիւսեն ու հագցնեն, գրեն ու սիրով գրկեն: Թեւերու վերջաւորութեան` դաստակին բաժինը, լայն պիտի ըլլայ եւ գոյնզգոյն հլուններով զարդարուած: Այդ հլուններուն մէջ մուգ գոյնով հլուններ պիտի չըլլան, հոն միայն վառ եւ ուրախ գոյներ պիտի ըլլան, ու այդ գոյներով պիտի զարդարուին կեանքիդ բոլոր օրերը:

Անոր փէշերը մետաքսեայ թելերով հիւսուած պիտի ըլլան, որպէսզի կեանքիդ ընթացքին դիւրութեամբ շրջանցես դժուարութիւնները: Այնպէս հիւսուած պիտի ըլլան անոր թելերը, որ ամէն քայլափոխիդ, երբ շորորաս, քայլերուդ հետ ուրախութիւն ու դրական կենսուժ սփռես ամէնուրեք:

Հապա զգեստին գրպաննե՞րը… անոնք հիւսուած պիտի ըլլան ոսկի թելերով, որ միշտ հարստութիւնը անպակաս ըլլայ տունէդ, հոն միայն առատութիւն ըլլայ, որ երբեք մարդոց նիւթական օժանդակութեան կարիքը չունենաս: Ընդհակառակը, միշտ նուիրելու մէջ գտնես ուրախութեան զգացումը:

Այս մաղթանքներն ու գեղեցիկ զգեստը քեզի կը նուիրեմ, սիրո՛ւն աղջիկ:

Անդին` Կաղանդ պապան նկատեց երիտասարդ մը, որ նստած էր աղջկան մօտ: Ան ալ մտահոգ էր ու շուարած: Կաղանդ պապան անոր ըսաւ. «Տղա՛ս, ցաւդ տանեմ, ինչո՞ւ այդքան մտահոգ ես ու շուարած: Նուէր տուած զգեստիս ու անոր տիրոջ տէր դարձիր, երկուքդ ալ կ’ապրիք երջանիկ»:

Մտահոգ աղջիկը հազիւ այս նամակը կարդաց, ուրախութիւնը սիրտը պարուրեց: Յոյսով լեցուած հոգին ուրախութեամբ թռվռաց: Մտահոգութիւնը թօթափեց: Նոր տարուան շեմէն աջ ոտքով անցաւ: Անոր մօտ նստած տղան շուտով խելքի եկաւ ու անոր հասաւ:

 

Նախորդը

Ամանորեան Մտորումներ. Սե՞ւ, Թէ՞ Սպիտակ Պատեր

Յաջորդը

Ամանորեան «Զարդեր»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.