Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շաբաթ օր Փեքին իր այցելութեան ընթացքին բանակցութիւններ վարած է իր չին պաշտօնակից Ուանկ Եիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Արաղչի յայտնած է, որ Իրանի եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները արմատացած են երկու երկիրներու հնագոյն քաղաքակրթութիւններուն խորքին մէջ: Արաղչի նշած է, որ համաշխարհային եւ շրջանային մարտահրաւէրներու հարցով անհրաժեշտ է խորացնել Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութիւնը:
Արաղչի Չինաստան մեկնած է ուրբաթ օր` հետեւելու համար երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիրի գործադրութեան:
«Երկու երկիրները ամրապնդած են քաղաքական վստահութիւնը եւ համագործակցութիւնը իրականացնելով 25-ամեայ համապարփակ ծրագիրը, որ ամրապնդած է տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը», ըսած է ան:
Արաղչիի համաձայն, այդ գործընկերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքի վրայ եւ կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ ոլորտներ: Իրանն ու Չինաստանը, ըստ Արաղչիի, ունին հասարակաց շահեր ոչ միայն երկկողմանի եւ շրջանային, այլ նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ:
Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի իր կարգին յայտնած է. «Մենք դէմ ենք պատժամիջոցներու իրերայաջորդ օգտագործումին ու ճնշումներուն եւ ուժեղ կերպով կը զօրակցինք Իրանի` անոր իրաւունքներուն ու օրինական շահերու պաշտպանութեան մէջ»:


