Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Հաքան Ֆիտանն ու Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են շրջանային եւ միջազգային անվտանգային, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան հարցեր: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Կողմերը նաեւ խօսած են Միջին Արեւելքի մէջ, ներառեալ Սուրիոյ շուրջ տիրող կացութեան մասին:
Պայրամովն ու Ֆիտանը անդրադարձած են նաեւ 25 դեկտեմբերին ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւի ջախջախման դէպքին:
Օդանաւը ջախջախուած է Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտ` Պաքուէն Կրոզնի թռիչք կատարելու ընթացքին:
Արկածին պատճառով մահացած է 38 ճամբորդ, վերապրած են 29 ուրիշներ:
Հետաքննութիւնը կը շարունակուի:


