Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խրէյս. «Եթէ Իսրայէլ Մեր Հողերէն Մասերու Վրայ Մնայ, Բնական Է, Որ Դիմադրութիւնը Գործի Լծուի»

December 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց. «Ներկայ փուլը ամէնէն վտանգաւոր փուլերէն մէկն է, ոչ միայն Լիբանանի մակարդակին վրայ, այլեւ շրջանի մակարդակին վրայ, որովհետեւ թշնամին կը շարունակէ մեր գիւղերուն վրայ իր յարձակումները, եւ մենք յանձնառու դարձանք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, սակայն Իսրայէլ զայն չյարգեց եւ կը շարունակէ զայն խախտել ու ներթափանցել շարք մը գիւղեր, տուները կը պայթեցնէ եւ հասաւ Ուատի Հուժէյր եւ այլուր, ինչպէս նաեւ արեւմտեան շրջանին մէջ Նաքուրա»:

«Մենք յանձնառու դարձանք, սակայն թշնամին կը շարունակէ քանդել, ո՞ւր են այս համաձայնութիւնը հովանաւորող պետութիւնները: Ո՞ւր են Ամերիկան եւ Ֆրանսան: Երկու ամիս անցնելէն ետք Իսրայէլ պիտի հեռանա՞յ, թէ՞ պիտի շարունակէ իր բռնագրաւումը, եւ արդեօք ատոր նկատմամբ ձեռնածա՞լ պիտի մնանք: Եթէ իսրայէլացի թշնամին մեր հողերէն մասերու վրայ մնայ, բնական է, որ Դիմադրութիւնը գործի լծուի, եւ մեր հողերը պաշտպանենք, որովհետեւ մեր առաքելութիւնը որեւէ յարձակումի պարագային հարաւային Լիբանանը պաշտպանելն է, որովհետեւ թշնամին միայն Դիմադրութեան ճամբով կը զսպուի», նշեց ան:

Անդրադառնալով նախագահի ընտրութեան հարցին` երեսփոխանը յայտնեց. «Նախագահի ընտրութեան գործողութիւնը պէտք է տեղի ունենայ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին պէտք է ընդառաջուի, եւ պէտք է ընտրենք հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի հայրենիքը իր բոլոր հաստատութիւններով ոտքի կանգնի»:

 

 

Նախորդը

Ապու Ֆաուր. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Կապ Հաստատէ Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հետ»

Յաջորդը

Մաքրոն Եւ Սիսի Կը Շեշտեն Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Ամբողջական Գործադրութեան Կարեւորութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղեն Նախագահի Ընտրութեան Շտապելու

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.