«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Նիւ Եորք Նիքս արձանագրեց իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը` 136-132 արդիւնքով յաղթելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի:
Նիւ Եորքի աստղն էր Ճէյլըն Պրանսըն, որ 55 կէտ նշանակեց, որոնց 42-ը` մրցումի 2-րդ կիսախաղին եւ երկարաձգման ընթացքին:
Այս Պրանսընի 3-րդ մրցումն էր այս տարեշրջանին, ուր ան 50-էն աւելի կէտեր կը նշանակէր ի նպաստ Նիքսի, որ պէտք ունէր իր հերոսութիւններուն խումբի մը դէմ, որմէ կը բացակայէին Քայլ Քուզմա եւ Ճորտըն Փուլ: Ճասթըն Շամփանյէ 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի, որ 11 կէտի առաւելութիւն ունէր Նիքսի վրայ 3-րդ մասին: Մրցումի աւարտէն 1 վայրկեան առաջ Ուիզըրտծ 119-114 արդիւնքով յառաջացած էր, բայց Պրանսըն 5 կէտեր նշանակեց` հաւասարեցնելով արդիւնքը:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր (22 կէտ) եւ Ճէյլըն Ուիլիամս (20 կէտ) եւ Ճէյլըն Ուիլիամս (20 կէտ) եղան Արեւմտեան շրջանի լաւագոյն խումբին` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի հերոսները, որոնք 106-94 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին Չարլոթ Հորնեթցի վրայ, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Այս եղանակը եղաւ Օքլահոմայի յաջորդական 10-րդ յաղթանակը եւ տարեշրջանի 25-րդը:
Ֆինիքս Սանզ տակաւին չէ կրցած տարեշրջանի սկիզբի իր մակարդակը վերագտնել եւ պարտութիւն մը եւս կրեց, այս անգամ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն` 109-105 արդիւնքով: Վերջին 6 մրցումներուն Ֆինիքս 6-րդ պարտութիւնը կրեց, հակառակ Քեւըն Տիւրենթի վերադարձին:
Տիւրենթ 31 կէտ նշանակեց, մինչ Պրետլի Պիլ 28 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆինիքսի, սակայն Քամինկա (34 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Սթեֆ Քըրրի (22 կէտ), Կրին (16 կէտ), Ճեքսըն-Տէյվիս (16 կէտ) եւ Տենիս Շրոտըր (11 կէտ) եղան վճռական` Կոլտըն Սթէյթը առաջնորդելով յաղթանակի, 3 յաջորդական պարտութիւններէ ետք:
Տիւրենթի նման Քայրի Ըրվինկ լաւ ելոյթ ունեցաւ Տալասի հետ, որ սակայն 4 կէտերու տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն (126-122):
Ըրվինկ 46 կէտ նշանակեց, բայց զգալի էր Տոնչիչի բացակայութիւնը:
Անթոնի Տէյվիս 36 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, որ 132-122 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին: Լէյքըրզ իր 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 6 մրցումներուն:
Ժոել Էմպիիտ եւ Թայրիս Մեքսի 32-ական կէտ նշանակեցին ի նպաստ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի, որ 114-111 արդիւնքով յաղթեց Եութայի մէջ` տեղւոյն Ճեզին:
Տենվըր Նակեթց 134-121 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզին: Նիքոլա Եոքիչ, Ճամալ Մարէյ եւ Մայքըլ Փորթըր յաջորդաբար նշանակեցին 37,34 եւ 26 կէտեր` ի նպաստ Տենվըրի, որ 2 յաջորդական պարտութիւն կրած էր:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
ՇԱԲԱԹ
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս 85-108
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 142-105
Պրուքլին Նեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 87-96
Հիւսթըն Ռոքեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 112-113
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 124-132
Տենվըր Նակեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 135-149
Ֆինիքս Սանզ – Տալաս Մեւրիքս 89-98
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 102-92
Աթլանթա Հոքս – Մայեմի Հիթ 120-110
ԵՐԷԿ
Չարլոթ Հորնեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 94-106
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Եորք Նիքս 132-136
Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս 116-111
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆինիքս Սանզ 109-105
Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 134-121
Եութա Ճեզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 111-114
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մեւրիքս 126-122
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 132-122


