Տօնական օրերու առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելութիւններ տուաւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» կեդրոն եւ Ազգային Ծերանոց:
«Գարակէօզեան»-ի մէջ հաստատութեան աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ հանդիպում ունենալէ ետք կեդրոնի տնօրէն Սերոբ Օհանեանի հետ, Յ. Բագրատունի շրջեցաւ տարբեր բաժանմունքներ եւ ականատես եղաւ այն աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին, եւ այն վերաբերումի, որուն կ՛արժանանան պարագաները հաստատութեան անձնակազմին կողմէ: Բաժանմունքներու պատասխանատուներու հետ ան վերահասու եղաւ այն հսկայական ճիգին, որ ի գործ կը դրուի առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու պարագաներու` առանց համայնքային խտրութեան:
Բագրատունի բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատուներն ու անձնակազմը, որոնք «պաշտօնեաներ չեն, այլ նուիրեալներ` ի սպաս ժողովուրդին»:
Ապա երեսփոխան Բագրատունի մասնակցեցաւ «Երջօ Սամուէլեան» Եռագոյն սրահին մէջ «Գարակէօզեան»-ի կողմէ կազմակերպուած ամանորեան խրախճանքին` ի պատիւ 250 հայ տարեցներու: Խրախճանքին ընթացքին, որուն ներկայ էին հայ հոգեւոր պետերը, իր սրտի խօսքով Յակոբ Բագրատունի գնահատեց բոլոր այն յարանուանական կամ միութենական կառոյցները, որոնք տեւաբար կանգնած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն տագնապները մեղմացնելու աշխատանքի դաշտին առաջին դիրքերուն վրայ: Ան անհրաժեշտ նկատեց զօրակցիլ նման նախաձեռնութեանց` միաժամանակ չմոռնալով երախտապարտ ըլլալ եւ այդպիսով նաեւ պատրաստել գալիք սերունդները` ծառայելու մեր ժողովուրդին:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը այցելեց նաեւ Ազգային Ծերանոց եւ ամանորեան ուրախութեան բաժնեկից եղաւ կազմակերպուած տօնախմբութեան մասնակցելով: Ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանին, խնամակալութեան եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը արժեւորելով` Բագրատունի շեշտեց, որ մեր երէցները Ծերանոցին մէջ կը գտնեն ապահով երդիք եւ հոգածու մթնոլորտ: Իսկ իր խօսքը ուղղելով երէցներուն ան ըսաւ. «Դուք օրհնութիւն էք մեր երիտասարդութեան: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը անցեալ ունեցող մեր կեանքին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած, հայ ընտանիք կազմած է, դուք հայեցի կրթութիւն փոխանցած էք մեզի, պահած էք աւանդութիւնները եւ սորվեցուցած էք զոհողութիւն: Մեզպէսները շատ բան կը պարտինք ձեզի, եւ հիմա Ծերանոցի հովանիին տակ միասնաբար կազմած էք մէկ ընտանիք, հայ ընտանիք, շարունակելու ձեզի աւանդ մնացած գործը եւ այդ աւանդը փոխանցելու գալիք սերունդներուն»:


