Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնած է Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհին` շնորհաւորելով զինք աւելի քան տասնամեակ մը տեւած պայքարէ ետք սուրիացի ժողովուրդի ձեռք բերած իրագործումին համար:
Լիբանանեան պետական աղբիւրները «Թելեւիզիոն Սուրիա» կայքին յայտնած են, որ Միքաթի եւ Շարհ հաստատած են երկու եղբայրական պետութիւններուն միջեւ յարատեւ համակարգման , առկախ հարցերու լուծման եւ երկու ժողովուրդներու զաւակներուն միջեւ գործերը դիւրացնելու համար երկու երկիրներուն մէջ դեսպանատուները վերաբանալու կարեւորութիւնը:
Միքաթի Շարհին յայտնած է, թէ մօտ օրէն կառավարական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ Դամասկոս` թղթածրարներու լուծման սկսելու եւ հրատապ թղթածրարներու շուրջ քննարկում սկսելու համար:
Լիբանանեան ընդդիմութենէն աղբիւրներ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ին յայտնած են քաղաքական, խորհրդարանական եւ ժողովրդային շարժումներու մասին, որոնց նպատակը լիբանանեան պետութիւնը մղելն է Պաշշար Ասատի տապալած վարչակարգի ներկայացուցիչները, ներառեալ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի տնօրէն Ալի Մամլուքը ձերբակալելով զանոնք Սուրիոյ արտայանձնելը:
Աղբիւրները նշած են, որ լիբանանեան կառավարութիւնը ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներէ ստացած են հաղորդակցութիւններ` վերցնելու տապալած վարչակարգի պաշտօնատարներուն վրայէն ծածկոյթը եւ զանոնք ձերբակալելու` առ ի պատրաստութիւն յաջորդ փուլի ընթացքին զանոնք սուրիական իշխանութիւններուն յանձնելուն:
Աղբիւրները յայտնած են, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` անոնցմէ պահանջելով հաշուետուութեան ենթարկել ապահովական պատասխանատուները, որոնք մասնակից են տապալած վարչակարգի պաշտօնատարներու անվտանգութեան ապահովման, մասնաւորաբար Լիբանանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը, որ անոնց անվտանգութիւնը կ՛ապահովէ:
Աղբիւրները աւելցուցած են, որ լիբանանեան կառավարութիւնը պիտի կանչէ ապահովական կառոյցներու պետերը` լսելու այս թղթածրարին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումները եւ անոնցմէ պահանջելու անմիջապէս գործելու եւ ձերբակալելու Ասատի վարչակարգին պատկանող անձնաւորութիւնները:
Լիբանանեան ընդդիմութեան աղբիւրները նշած են, որ Ալի Մամլուքի եւ տապալած վարչակարգէն այլ ապահովական պատասխանատուներու դէմ ձերբակալման շարք մը հրամանագիրներ կան: Այս թղթածրարներուն մէջ ամէնէն ակնառուները Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու ականահարումներն ու Միշել Սմահայի պայթուցիկներու հարցերն են:


