Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակումներ գործեց` թիրախաւորելով Պեքայի մէջ Սուրիոյ հետ սահմանային անցակէտ մը: Իսրայէլեան ուժերը մէկ օր առաջ ալ հարաւային Լիբանանի մէջ Քանթարա, Ատշիթ Քուսէյր եւ Ուատի Հուժէյր շրջաններուն մէջ յառաջացած էին:
Իսրայէլեան օդուժը ուրբաթ առաւօտեան Պեքայի Քուսայա շրջանին մէջ երեք դիրքեր թիրախաւորեց, ապա շարունակեց Պեքայի վերեւ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարել:
Ասիկա 2-րդ անգամն է, որ իսրայէլեան օդուժը 27 նոյեմբերին զինադադարի համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք յարձակում կը գործէ Պեքայի վրայ:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր օդանաւերը երէկ յարձակում գործած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժանթա սահմանային անցակէտին մօտ գտնուող ենթակառոյցներու վրայ:


