Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խրէյս. «Կռուեցանք Մեր Հայրենիքին Մասնատումն ու Բռնագրաւումը Արգիլելու Համար Եւ Պիտի Շարունակենք Ամբողջ Ուժով Զայն Պաշտպանել»

December 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց. «Մեր ապրած փուլը բոլորին համար ամէնէն դժուարն էր, սակայն կը հպարտանանք մեր ժողովուրդին տոկունութեամբ եւ իր հողին կառչածութեամբ, եւ այս է, որ մեզի սորվեցուց անյայտացուած իմամ Մուսա Սատըրը»:

«Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն վերջնական հայրենիքն է, եւ բոլոր քաղաքացիները պէտք է ատիկա որդեգրեն, ատոր վրայ պէտք է հիմնուինք մեր միասնականութեան ընթացքին եւ հայրենիքին համար բարգաւաճ ապագայ մը կառուցենք», ըսաւ Խրէյս:

«Մենք այս հայրենիքին ամէնէն շատ կառչողն ենք եւ այս հայրենիքին առաջին պատկանելիութիւն ունեցողը, եւ ինչպէս իմամ Սատըրը իր ձեռքը բոլորին երկարեց, ահաւասիկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւս իր ձեռքը կ՛երկարէ հայրենիքի զաւակներուն: Կռուեցանք մեր հայրենիքին մասնատումն ու բռնագրաւումը արգիլելու համար եւ պիտի շարունակենք ամբողջ ուժով զայն պաշտպանել», յայտնեց երեսփոխանը:

«Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստի յետաձգման մասին խօսող ոմանց» ուղղելով իր խօսքը` Խրէյս ըսաւ. «9 յունուարի նիստը ատոր համար պիտի ըլլայ, եւ այդ ատեն կը սկսինք մեր հայրենիքի եւ հաստատութիւններու վերականգնումը` կազմելով կառավարութիւն մը եւ գործի լծելով պետութեան բոլոր ոլորտներու աշխատանքը»:

«Այն, ինչ որ Իսրայէլ կ՛ընէ, ներքին կռիւի նպատակով է, եւ պէտք է այս թշնամիին առիթ չընծայենք շնորհիւ մեր միասնականութեան եւ ջանքերու միատեղման, որպէսզի հայրենիքը ոտքի կանգնի, հակառակ իսրայէլեան պատերազմական մեքենային իր ետին ձգած ամբողջ քանդումին», յայտնեց Խրէյս:

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հանդիպումներէն Ետք. Լիֆ. «Կ՛ողջունենք Դրական Պատգամները Եւ Այդ Սկզբունքներուն Շուրջ Գործերու Ճամբով Յառաջընթաց Կը Սպասենք Եւ Ոչ Թէ Խօսքեր»

Յաջորդը

Մակրոյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընտրելու Բարեկարգչական Ծրագիր Գործադրելու Եւ Լիբանանը Գերիշխան Պետութեան Կացութեան Փոխադրելու Ունակ Նախագահ Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.