Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տերեւաթափ Նոր Մարաշի Մէջ

December 21, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռոզին Առաքելեան-Գարաօղլանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Խաղաղութի՜ւն ձեզ, մեր անբա՛խտ պապեր,
Ձեզ տանջող ցաւը մե՛զ էլ է պատել:
Այժմ, տխրութեան թէ քէֆի ժամին,
Մենք էլ, օրհնելիս մեր զաւակներին,
Ձեր խօսքն ենք ասում. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք,
Բայց մեզ պէս չապրէք…»

Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան հայ գրականութեան մէջ յեղաշրջում կատարած է, որովհետեւ իր գրական պարզ լեզուով ներկայացուցած է` իր գիւղը, հայրենի բնութիւնը, գիւղացիներուն կեանքը, ողբերգութիւնները, հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգին: «Հին օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը հայ ժողովուրդի վիշտին, ձգտումներուն ու երազներուն խտացումն է: Երիտասարդ սերունդը իրենց հայրերուն հետ անցուցած խնճոյքին անոնց հետ միասին կ՛ուրախանային եւ կը յիշէին անոնց պատգամը` «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք…»: Ու երբ տարիներ կ՛անցնին, իրենք կը դառնան գիւղին մեծերը` կեանքի դառնութիւնները ճաշակած, կը հասկնան այդ խօսքերուն իմաստը եւ նոյնը կը մաղթեն յաջորդ սերունդին` «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք…»:

Սփիւռքի պատմութեան կազմաւորման էջերը երբ թերթատենք, այնտեղ պիտի տեսնենք այնպիսի դժուար եւ դաժան օրեր, որոնք առանց հայուն հզօր կամքին, հաւատքին եւ յոյսին` կարելի պիտի չըլլար աւելի բարեկեցիկ օրերու հասնիլ: Պահ մը երեւակայենք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեր պապերն ու մամիկները ջարդ ու ցեղասպանութիւն տեսած են եւ եկած են հիւրընկալ Լիբանանի մէջ իրենց հայկական օճախները դարձեալ հաստատած են` ի գին մեծ զոհողութեանց: Այս իրականութեան անբաժան մասն է անշուշտ, բացի տան եւ հողի կորուստէ, հարազատի կորստեան ցաւ, երբեմն ակամայ բաժանում ընտանիքի անդամներու` տարագրութեան ընթացքին, բայց գոյատեւման եւ հայապահպանման ջահը անմար մնացած է:

Եւ ահա Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքի ջարդէն ճողոպրած ընտանիք մը, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին անմեղ զոհեր տուած է` հարազատներու վկայութեան համաձայն, յանձինս Եսայի եւ Պերճուհի Առաքելեաններու` իրենց նոր ապաստան-տունը հաստատեցին Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանին մէջ, որ սկզբնական շրջանին բաւական դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուէր (ճամբաները ցեխոտ, ոչ կուպրապատուած, տուներուն մեծ մասը թիթեղածածկ): Անոնք եկեղեցւոյ յարակից փողոցին մէջ կազմեցին իրենց ընտանեկան բոյնը եւ բախտաւորուեցան հինգ զաւակներով` չորս աղջիկ եւ մէկ մանչ: Անոնք իրենց ապրուստը հոգալու համար հիմնեցին մսաշօթի «Եսայի Առաքելեան» փուռը: Այս արհեստը ապագային շարունակեցին իրենց զաւակները: Այս ընտանիքին երրորդ զաւակը` Ռոզինը, վերջերս կեանքին հրաժեշտ տուաւ: Ան իր աշխատասիրութեամբ, մաքրասիրութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ թաղեցիներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէր եւ կը վայելէր բոլորին յարգանքն ու սէրը: Ան ամուսնացաւ Ստեփան Գարաօղլանեանին հետ: Անոնք զաւակ չունեցան, բայց իր մայրական սէրն ու գուրգուրանքը փոխանցեց իր հարազատներուն եւ երկար տարիներ Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի շրջափակին մէջ հաստատուած իր կրպակին միջոցով, դպրոց յաճախող աշակերտներուն: Ան արթուն պահակն էր համանուն եկեղեցւոյ, դպրոցին ու թաղին:

Ան մարաշցի նահապետական ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով, հպարտ կը զգար իր արմատներով, եւ իր յուշերը երբ կը պատմէր, կը յիշէր իր հօր ներդրումը եկեղեցւոյ` նախ իբրեւ թաղական, ապա երկար տարիներ եկեղեցւոյ իբրեւ ալիւրի նուիրատու` պատարագի մասի պատրաստութեան համար:

Ռոզինին առողջութիւնը վերջին տարիներուն նահանջ արձանագրեց: Եւ աստուածային նախախնամութիւնը զինք մինակ չձգեց, որովհետեւ տարիներ առաջ ան հոգ տարաւ իր կրտսեր քրոջը, որ անկողինին կը ծառայէր: Հարազատներու բարոյական ու նիւթական նեցուկի կողքին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ պարոն Գօգոն հոգաց զինք զաւակի մը նման` մինչեւ մահ:

Պարզ ծառայական կեանք մը, քուլիսներու ետին, արթուն զինուոր մը` Նոր Մարաշ թաղի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց այս առաքելութեան:

Թումանեանի խրատը մեր վիշտերը ետին ձգելու, դէպի յառաջ նայելու եւ մեր կեանքի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ հասցնելու նպատակը լիովին իրագործեց տիկին Ռոզինը եւ չընկրկեցաւ ոչ մէկ դժուարութեան դիմաց: Հանգիստ` յոգնաբեկ ոսկորներուդ:

 

 

 

Նախորդը

Հանգիստ Ազնուական Ղեկավար Էնտի Թորիկեանի (24 Ապրիլ 1924 – 20 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Երէկի Կարօտով

RelatedPosts

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները
Անդրադարձ

Ո՞ւր Են Արցախի Մաշած Գնդակները

October 7, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.