Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փեթերսոնի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ հայոց թեմի յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:
Հանդիպումին խօսուեցաւ Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին, գալիք ապագային առնուելիք որոշումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն շուրջ:
Փեթերսոն Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին զեկուցում տուաւ եւ յորդորեց համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կը կարօտին:
Քրիստոնեայ համայնքապետները եւ պատրիարքները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յանուն սուրիական հայրենիքին:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փեթերսոնին իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ վեհափառ հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց անոր:


