Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Կարճ Լուրեր

December 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  ՇԱՏ հաւանական է, որ ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա այս տարեշրջանի աւարտին Իթթիհատ ակումբին հետ իր վերջին մրցումները կատարէ` վերջ տալու իր ասպարէզին:

36 տարեկան Պենզեմա վերջնական որոշում տուած չէ, բայց ան շատ հանգիստ չի զգար եւ կ՛ուզէ վերջ տալ իր ասպարէզին, հակառակ անոր որ Իթթիհատ կ՛ակնկալէ, որ Պենզեմա ակումբին  հետ մնայ մինչեւ 2026:

–  ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ այլ խումբերէն Հիլալ, ըստ երեւոյթին այս տարեշրջանի աւարտին պիտի կորսնցնէ Նէյմարը: Վերջինս իր խմբակիցներուն յայտնած է, թէ պիտի միանայ Միացեալ Նահանգներու Ինթեր Մայեմիին, վերստին խմբակից ըլլալով Մեսսիի եւ Սուարեսի:

Նէյմար, որ վերջերս յայտնած էր, թէ իր ասպարէզի լաւագոյն ֆութպոլի օրերը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ էին եւ ոչ թէ Պարսելոնայի, շատ հազուադէպ ելոյթներ ունեցաւ Հիլալի հետ… միշտ վիրաւոր ըլլալով:

–  ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի միջնապահ Պեռնարտօ Սիլվա քննադատեց իր խմբակիցներուն խաղարկութիւնը վերջին 10 մրցումներուն: «Մենք արժանի էինք այս ամէն ինչին, որ կը պատահի: Այս մակարդակով 1-2 մրցում անբախտ կրնաս ըլլալ: Բայց երբ ատիկա կրկնուի 10 մրցում շարունակ, չես կրնար ըսել, որ բախտ է կամ անյաջողութիւն: Մենք սկսած ենք 15 տարեկաններու նման աններելի սխալներ ընել: Մրցումները լաւ կը խաղանք, բայց շատ անհոգ կը վարուինք մեր սխալներուն նկատմամբ», ըսաւ Սիլվա, որ Սիթիի հետ վերջին 11 մրցումներէն միայն 1-ը կրցած է յաղթել:

–  ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Տարուին Նունիես հաւանաբար միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտին: Մատրիտի կազմի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ մօտէն կը հետաքրքրուի Նունիեսի այն ծառայութիւններով, որոնք կը յարմարին Աթլեթիքոյի խաղարկութեան:

–  ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ կ՛ուզէ յառաջիկայ ամրան միանալ Պարսելոնային:

Հաալանտ խորհրդակցած է մարզիչ Կուարտիոլայի եւ իր ընկեր Իլքայ Կիւնտողանի հետ, որոնք խորհուրդ տուած են ընտրել Պարսելոնան, ուր Հաալանտ մրցակցութիւն չ՛ունենար Էմպափէի, Վինիսիուսի եւ այլ աստղերու հետ: Հաալանտ կը փափաքի Միջերկրական ծովի ափին բնակիլ:

–  ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ դժուար կացութեան կրնայ մատնուիլ յունուարին, երբ Տանի Օլմօ կրնայ դուրս մնալ կազմէն: Օլմօ, որ արձանագրութեան հարց ունէր, օգտուած էր յետսապահ Քրիսթիանսընի վիրաւոր ըլլալէն` իր տեղը արձանագրուելով: Այդ «ժամանակաւոր» արձանագրութիւնը չեղեալ կը նկատուի ինքնաբերաբար, երբ Քրիսթիանսըն վերադառնայ, եւ ան նոյնիսկ առանց նիւթական պատրաստութեան կրնայ միանալ որեւէ ակումբի:

Պարսելոնայի «գլխու ցաւեր»-ը անվերջ կը թուին ըլլալ, երբ երկու մարզիկներ` յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ եւ միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ տակաւին չեն որոշած, թէ պիտի երկարաձգե՞ն իրենց պայմանագրութիւնը, թէ ոչ: Անոնց պայմանագրութիւնները կ՛աւարտին 2026-ին, բայց Պարսելոնա կ՛ուզէ այժմէն գիտնալ, թէ կ՛ուզե՞ն մնալ, թէ՞ ոչ: Եթէ ոչ, անոնք փոխանցման ցանկի վրայ պիտի դրուին յառաջիկայ ամրան:

Նախորդը

Պատմութիւն Երկարականջ Չորքոտանիի Մասին

Յաջորդը

Ինֆանթինօ. «ՖԻՖԱ-ն Պէտք Է Որոշէ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը»

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.