Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Իրան Տեղեակ Էր Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Ծրագիրներուն Մասին, Եւ Բոլոր Հետախուզական Տուեալները Փոխանցուած Էին Սուրիոյ Կառավարութեան ու Բանակին»

December 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան տեղեակ էր Սուրիոյ զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներու աշխուժացման առնչուած Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ծրագիրներէն, բոլոր հետախուզական տուեալները փոխանցուած են Սուրիոյ կառավարութեան: Այս մասին Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յատուկ հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:

«Ամէն ինչ պարզ էր: Թէ՛ վերլուծումները, թէ՛ տեղեկատուական հաղորդագրութիւնները նախապէս կը մատնանշէին, որ նման շարժում պիտի յառաջանայ: Թէ՛ վերլուծութեան, թէ՛ հետախուզական տուեալներու տեսանկիւնէն մենք գիտէինք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ իսրայէլեան վարչակարգին կողմէ կայ քուլիսային ծրագիր: Տեղի ունեցողի եւ հետախուզութեան տեսանկիւնէն մեր երկրի եւ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները լիովին տեղեակ էին ընդդիմութեան շարժումներէն: Եւ ամբողջ տեղեկութիւնը փոխանցուած է Սուրիոյ կառավարութեան եւ սուրիական բանակին», յայտարարած է Արաղչի:

«Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, ամերիկեան-սիոնական ծրագիր է Դիմադրութեան առանցքին մէջ խնդիր ստեղծելու համար», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի անցեալ շաբաթ Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին յայտնած է, որ Իրանի կացութիւնը չ՛արտօներ իրեն աջակցելու համար ուժեր ուղարկել:

«Թեհրանի եւ Ասատի վարչակարգին միջեւ ամբաստանութիւնները մագլցում արձանագրեցին` Սուրիոյ մէջ իրանցի ղեկավարներու վերաբերեալ տեղեկութիւններու սպրդման ամբաստանութիւններու լոյսին տակ», կը նշէ օրաթերթը:

 

 

 

Նախորդը

Պայրամով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Սուրիոյ Կացութիւնը

Յաջորդը

Սալամի. «Դիմադրութեան Ճամբան Տակաւին Բաց Է Եւ Սուրիայով Սահմանափակուած Չէ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.