Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հերմոն լերան գագաթները պատմական յուզիչ պահու մէջ վերադարձան իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ»:
«Ես եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն այցելեցինք Կոլանի բարձունք եւ տեսանք Հերմոն լերան գագաթները, որոնք 51 տարի ետք մեր վերահսկողութեան տակ վերադարձան», ըսաւ Քաց:
«Բանակին հրամայեցի պատրաստուիլ ամբողջ ձմրան ընթացքին Հերմոն լերան գագաթին մնալու», յայտնեց ան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նշեց. «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին տակ Հերմոն լերան մեր վերահսկողութիւնը ապահովական մեծ կարեւորութիւն ունի»:


