Ողիմպիականի ախոյեան Սպարտակ Մոսկուայի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու Նիքիթա Սիմոնեան Ռուսիոյ հայերու միութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ժողովուրդի հպարտութիւն» անուանակարգի «Համաձայնութիւն 2024» մրցանակով:
Նիքիթա Սիմոնեան անցեալ 12 հոկտեմբերին նշած էր իր 98-րդ տարեդարձը: Ռուսիոյ հայերու միութեան ներկայացուցիչ «Մաչ Թի. Վի.»-ին պատմած է, որ մրցանակի հանդիսաւոր յանձնումի արարողութեան պահուն Սիմոնեանի հասցէին հնչած են բազմաթիւ ջերմ ու բարի խօսքեր: Ան ըսած է նաեւ, որ մարզական պատմութիւն կերտած հայ ֆութպոլիստը, որ Մկրտիչ անունը կը կրէր ծնած օրէն, օրինակ է բոլոր հայերուն համար:
Սպարտակի հետ Սիմոնեան 160 կոլ նշանակած է (մրցանիշ), 4 անգամ դարձած է Խորհրդային Միութեան ախոյեան, իսկ երկու անգամ` բաժակակիր: Իբրեւ մարզիչ, Սիմոնեան երկու անգամ ախոյեան դարձած է Սպարտակի հետ եւ երեք անգամ բաժակակիր: Արարատի հետ 1973-ին ան շահած է ախոյեանութիւնը եւ բաժակը: 1956-ի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան` Խորհրդային Միութեան ազգային խումբին հետ:
Այժմ Սիմոնեան Ռուսիոյ ֆութպոլի միութեան առաջին փոխնախագահն է:


