– ԸՆԹԱՑԻԿ աշխատանքներու կառավարութիւնը երեքշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը:
– ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը, զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ` համաձայնութեան գործադրութեան հսկող հնգանդամ յանձնախումբի հետ համակարգաբար տեղակայման սկսիլը:
– ԿԱՐՄԻՐ խաչի միջազգային կոմիտէէն աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, որ կոմիտէն անհետ կորսուած լիբանանցիներու սուրիական բանտերէ դուրս գալու մասին որեւէ որոշակի տեղեկութիւն չէ ստացած` աւելցնելով, որ յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն եւ պատրաստ կը մնայ իր մասնագիտութեան ծիրին մէջ, անհրաժեշտութեան պարագային, պէտք եղած աջակցութիւնը տրամադրելու:
– ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ լիբանանցիներու ընտանեկան պարագաներու յանձնախումբի նախագահ Ուիտատ Հալլուանի «Նաշրա»-ին յայտնեց. «Մինչեւ հիմա լիբանանցի արգելափակեալներու սուրիական բանտերէ դուրս գալուն մասին հաւաստի տեղեկութիւններ չկան, եւ մենք կապի մէջ ենք Սուրիոյ մէջ գործող բազմաթիւ բարեկամ միութիւններու հետ, որոնք իրենց կարգին կ՛աշխատին այդտեղի բանտերուն մէջ արգելափակուածներուն ճակատագիրը գիտնալու, եւ այդ առնչութեամբ ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան»:
«Շրջանառութեան մէջ եղող բոլոր տեղեկութիւնները տարաձայնութիւններ են», շեշտեց ան:
– ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ դրութեան մնայուն խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղար Ալֆրետ Ռիաշի իր թեկնածութիւնը յայտարարեց հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:
– ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ թեկնածու, երեսփոխան Նեհմաթ Ֆրեմ Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կ՛ապրինք պատմական օրեր: Ասիկա արեւելքի համար նոր արշալոյս է, եւ կը յուսանք, որ Լիբանան զայն օգտագործէ, եւ այս պահուս առաջնահերթութիւնները փոխուեցան, եւ պէտք է ամբողջ աշխարհի նկատմամբ յանձնառու ըլլալ»:


