ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Սուրբ Յակոբի տօնը:
Սուրբ Յակոբ Մծբնացի ծագումով ասորի էր: Վարքաբանական աղբիւրներ կը նշեն, որ ան Պարթեւական տոհմէն էր եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին:
Սուրբ Յակոբ Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական ոգիով դաստիարակուեցաւ: Հետագային ան իր քրոջ հետ Պարսկաստան փոխադրուեցաւ եւ որոշ ժամանակ արքունիքին մէջ ապրեցաւ:
Այնուհետեւ ան ճգնաւորական կեանքի նուիրուեցաւ եւ քարայրի մը մէջ, աղօթքով ու ծոմապահութեամբ, վայրի ծառերու պտուղներ ու բանջարեղէն ուտելով եւ այծի մորթէ հագուստով ապրեցաւ:
Խիստ ճգնաւորական կեանքի շնորհիւ ան արժանացաւ սերովբէներու եւ քերովբէներու հետ փառաբանելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը:
Ժամանակ մը ետք, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ Սուրբ Յակոբ Մծբին փոխադրուեցաւ եւ Մարուգէ ճգնաւորին միացաւ:
Նոյեան տապանը գտնելու նպատակով Սուրբ Յակոբ ճամբայ ելաւ դէպի Հայաստան: Արարատ լեռ հասնելէն ետք սկսաւ լերան կատարը բարձրանալ: Հակառակ կամքին, չկրցաւ հասնիլ գագաթը եւ սաստիկ յոգնած գլուխը քարի մը վրայ դրաւ եւ խոտերու վրայ քնացաւ: Երբ արթնցաւ, տեսաւ որ ինք Արարատի ստորոտը կանգնած է: Երեք անգամ ան փորձեց լերան կատարը բարձրանալ, բայց չյաջողեցաւ: Գիշեր մը, երազին մէջ հրեշտակը այցելեց իրեն եւ յայտնեց, որ պէտք չէ լեռը բարձրանալ, եւ տապանէն մասունք մը դրաւ գլխուն տակ:
Սուրբ Յակոբի ննջած վայրին մէջ սառնորակ աղբիւր մը բխեցաւ, որ բուժիչ եւ հրաշագործ յատկութիւններ ունէր: Աղբիւրի կողքին եկեղեցի եւ վանք կառուցուեցաւ: Նոյեան տապանի այդ մասունքը մինչեւ այսօր Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուած է:
Սուրբ Յակոբ հետագային Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ եւ մասնակցեցաւ 325-ի Նիկիոյ տիեզերական ժողովին:
Սուրբ Յակոբ բազմաթիւ հրաշքներ գործեց եւ շատ հիւանդներ ու անդամալոյծներ բժշկեց: Անոր քարոզչութիւններուն շնորհիւ շատեր քրիստոնեայ դարձան:
Անգամ մը Սուրբ Յակոբ մօտեցաւ Սաթիթմա գետին, որուն ափին ասորի գիւղացիներ կ՛աշխատէին: Ան գիւղացիներէն խնդրեց իրեն ցոյց տալ գետին հունը: Գիւղացիները ծաղրեցին զայն եւ ըսին. «Դուն ճգնաւոր ես, ջուրին վրայէն քալելով անցիր»: Սուրբ Յակոբ վերարկուն ջուրին վրայ փռեց եւ քալելով գետը անցաւ:
Մծբինի մէջ Կերդոն անունով հեթանոս մը կ՛ապրէր, որ կը ծաղրէր քրիստոնեաները: Սուրբ Յակոբի հրաշագործութիւնները լսելով Կերդոն դիմեց սուրբին եւ խնդրեց, որ ի ծնէ անդամալոյծ իր ութամեայ որդին բժշկէ: Սուրբը աւազան մը պատրաստելով մկրտեց մանուկը Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Մանուկը բժշկուեցաւ եւ Կերդոն իր ընտանիքին հետ քրիստոնեայ մկրտուեցաւ:
Անգամ մը Սուրբ Յակոբ Մծբինէն դուրս ելաւ շրջագայելու եւ Աւետարանը քարոզելու համար: Երբ աղբիւրի մը մօտ հասաւ աղջիկներ տեսաւ, որոնք լուացք կ՛ընէին: Աղջիկները չպատկառեցան անկէ, չծածկեցին իրենց սրունքներն ու գլուխները եւ անամօթաբար երեսին նայեցան: Սուրբ Յակոբ ուզեց խրատել զանոնք: Անմիջապէս աղբիւրը ցամքեցաւ եւ աղջիկներուն մազերը սպիտակ դարձան: Աղջիկները անոր ոտքերը իյնալով աղաչեցին աղբիւրին ջուրը բխեցնել: Սուրբը աղօթեց եւ ջուրը բխեցաւ: Սակայն աղջիկներուն մազերը չսեւցուց, որպէսզի իրենց մազերուն նայելով զԱստուած չմոռնան:
Պարսից Շապուհ Բ. թագաւոր 338-ին արշաւեց Մծբինի վրայ: Սուրբ Յակոբ աղօթեց եւ Աստուծմէ փրկութիւն խնդրեց: Մոծակներու եւ միջատներու հսկայական պարսեր թափեցան պարսից զօրքերուն վրայ: Եօթանասուն օրուայ պաշարումէ ետք պարսիկները նահանջեցին:
Մահուան անկողինին մէջ ան իր շուրջ հաւաքուած հաւատարիմներուն խրատեց ամուր մնալ քրիստոնէական սուրբ հաւատքին մէջ: Անոր վերջին խօսքերը եղան. «Իբրեւ մարմին կը բաժնուիմ ձեզմէ, բայց կը բնակիմ ձեր մէջ եւ պատրաստ եմ օգնութեան հասնելու Քրիստոսի սիրով ապրող բոլոր հոգիներուն եւ օգնութիւն աղերսող յուսալից սիրտերուն»:
Ապա, բոլոր ներկաները օրհնելէ ետք, ժպտադէմ, ան խաղաղօրէն իր հոգին Աստուծոյ յանձնեց շուրջ 350-ին, Մծբինի մէջ:


