«Էն. Պի. Էյ.»-ի գծով երեք մրցումներ տեղի ունեցան երէկ: Ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս 123-99 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզին` իր 25-րդ մրցումին 20-րդ յաղթանակը արձանագրելով:
Փէյթըն Փրիչըրտ (27 կէտ եւ 10 էսիսթ), Տերեք Ուայթ (23 կէտ), Քրիսթափս Փորզինկիս (19 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (14 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) եղան Սելթիքսի լաւագոյն մարզիկները, Ճէյսըն Թէյթըմի բացակայութեան (հիւանդ):
Մայեմի Հիթ 114-104 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Պէմ Ատեպայօ 21 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Հիթի, իսկ Ար. Ճէյ. Պարեթ 13 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց` կատարելով թրիփըլ տապըլ մը ի նպաստ Թորոնթոյի, որ իր 19-րդ պարտութիւնը կրեց 26 մրցումներու ընթացքին:
Սի. Ճէյ. Մըքոլում 36 կէտ նշանակեց, բայց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 109-111 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաքրամենթօ Քինկզէն: Սապոնիս 32 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քինկզի:


