«Զանգեզուրի միջանցք»-ը մեզի համար անփոխարինելի նախագիծերէն է: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
«Այդ «միջանցք»-ի իրականացումով ուղիղ կապ պիտի ապահովուի Ազրպէյճանի, թրքական պետութիւններու եւ Հեռաւոր Արեւելքի հետ», նշած է ան: