Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութիւնը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Տէր Զօրը Եւ Կը Յառաջանայ Անոր Արեւելեան Գիւղական Շրջանին Մէջ

December 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զինուորական գործողութիւններու ղեկավարման մարմինը յայտնեց, որ Տէր Զօր քաղաքը իր վերահսկողութեան տակ առնելէն ետք, երէկ յառաջխաղացք արձանագրած է Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ, որ կը գտնուի քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ:

Մարմինը նշեց, որ ընդդիմադիր զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են քաղաքին կեդրոնը, զինուորական օդակայանն ու Տէր Զօրի արեւմտեան եւ արեւելեան գիւղական շրջանները:

Քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը քանի մը օր առաջ քաղաքը գրաւած էին Սուրիոյ տապալած վարչակարգի ուժերուն անկէ հեռանալէն ետք:

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը նահանջած են մերձակայ գիւղերուն ուղղութեամբ:

Սուրիոյ քաղաքական հարցերու ղեկավարման մարմինը մէկ օր առաջ յայտարարեց, որ կը մերժէ երկրի որեւէ մասնատում` աւելցնելով, որ զէնքի կրումը պիտի ըլլայ բացառապէս պետութեան իրաւասութիւնը:

Սուրիոյ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Մոհամետ Պաշիր յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը մինչեւ մարտ իշխանութեան վրայ պիտի մնայ: Ան ըսաւ, որ իր կառավարութիւնը օտար դրամանիշեր չունի, այլ միայն «սուրիական թղթադրամը, որ ոչինչ կ՛արժէ»:

Պաշիր շեշտեց, որ Սուրիան ելեւմտական գետնի վրայ շատ վատ վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ Ասատի վարչակազմէն պատերազմական ոճրագործները պիտի դատուին սուրիական ներկայ օրէնքներով:

Ան ըսաւ, որ իր կառավարութեան նպատակը Սուրիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ ապահովութեան ու կայունութեան վերականգնումն է եւ սուրիացի միլիոնաւոր գաղթականները Սուրիա վերադարձնելը:

Պաշիր իտալական «Քորիերէ Տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին տագնապի տարիներուն երկրէն փախուստ տուած սուրիացիներուն կոչ ուղղեց իրենց հայրենիքը վերադառնալու` շեշտելով, որ բոլոր անհատներուն ու համայնքներուն իրաւունքները պիտի ըլլան երաշխաւորուած»:

«Սուրիան հիմա անկախ պետութիւն է, որ արժանացաւ իր պատիւին եւ արժանապատուութեան», նշեց ան:

Ժուլանի. «Սուրիան Մէկ Այլ
Պատերազմի Մէջ Պիտի Չներքաշուի»

Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը տարիներ տեւած տագնապին հետեւանքով «ուժասպառ է», եւ երկիրը «մէկ այլ պատերազմ» պիտի չտեսնէ:

Ան «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մարդիկ պատերազմէն յոգնած են: Ուստի երկիրը պատրաստ չէ մէկ այլ պատերազմի եւ անիկա մէկ այլ պատերազմի մէջ պիտի չներքաշուի»:

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ յայտնեց. «Օտար կառավարութիւնները Սուրիոյ կացութեան մասին պէտք չէ մտահոգուին»:

«Մեր մտավախութեան աղբիւրները իրանեան խմբաւորումները, Հըզպալլան եւ վարչակարգն էին, որոնք մեր այսօր տեսած ջարդերը գործեցին», նշեց ան:

Նեթանիահու. «Թել Աւիւ Սուրիոյ Նոր Վարչակարգին
Հետ Առողջ Յարաբերութիւններու Կը Ձգտի»

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Մենք մեր թշնամիները ուժեղ կերպով կը հարուածենք, անոնց շատ սուղ գին վճարել կու տանք եւ կը կազմաքանդենք իրանեան չարիքի առանցքը»:

Նեթանիահու յայտնեց. «Մենք Սուրիոյ նոր վարչակարգին հետ առողջ յարաբերութիւններու կը ձգտինք, սակայն եթէ այս վարչակարգը Իրանին արտօնէ Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն ըլլալ եւ Հըզպալլային զէնք փոխադրել, ապա այս վարչակարգը սուղ գին պիտի վճարէ»:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը վերջին օրերուն կը հարուածէ սուրիական բանակի ռազմավարական զէնքերը, նաւատորմիղն ու ռազմավարական կեդրոնները: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Սուրիական բանակի վերականգնումը հարիւր միլիառաւոր տոլարներ պիտի արժէ եւ սերունդներու վրայ պիտի երկարի»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը կը հիւրընկալուի Ռուսիոյ կողմէ:

Ան նշեց, որ Ռուսիան Ասատը իր հողեր տեղափոխեց «ամէնէն ապահով ճամբաներով»:

 

 

Նախորդը

Խամենէի. «Սուրիոյ Դրացի Պետութիւն Մը Տեղի Ունեցածին Մէջ Յստակ Դեր Ունեցաւ, Եւ Անիկա Ծրագրուեցաւ Ամերիկեւիսրայէլեան Գործողութեան Սենեակի Մը Մէջ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.