Քրեմլին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի պաշտօնէն հեռացումը իր անձնական որոշումն էր:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, պատասխանելով Ասատի կիրակի օր իր պաշտօնը լքելուն մէջ Ռուսիոյ հաւանական դերակատարութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ, որ Ասատի Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը լքելը անձնական որոշում մըն էր:
Փեսքով յայտնեց, որ ներկայիս ժամանակը յարմար է վերլուծելու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:
Ան նշեց, որ «դժուար է կանխատեսել», թէ ներկայ անորոշութեան ժամանակաշրջանին ի՛նչ պիտի յաջորդէ:


