Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց սուրիացի ժողովուրդի ընտրանքներուն աջակցելու Տոհայի հաստատ դիրքորոշումը` Սուրիոյ մէջ կողմերուն կոչ ուղղելով միասնաբար սուրիական հողին ամբողջականութիւնը պահպանելու:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետի Անսարի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը հետեւի շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, նախ եւ առաջ Կազայի մէջ պատերազմին ու Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւններուն:
Անսարի շեշտեց, որ Քաթար կապ կը հաստատէ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն հետ` երաշխաւորելու համար սուրիացիներուն աջակցութեան ապահովումը, որպէսզի իրենց երկիրը վերաշինեն:
Ան աւելցուց, որ սուրիացի ժողովուրդը կը գտնուի իր ձգտումները իրագործելու եւ իր բոլոր զաւակներուն համար համապարփակ հայրենիք ստեղծելու առիթի առջեւ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ միջազգային քննարկումները կը շարունակուին` նշելով, որ Քաթար անոնց մասնակից է:
Անսարի ըսաւ, որ Քաթար կը զօրակցի Սուրիոյ հողերու գերիշխանութեան ու ամբողջականութեան, «եւ կը զօրակցինք իր ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու անոր ձգտումին»:
Անսարի միեւնոյն ժամանակ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերու Սուրիոյ մէջ արգելակիչ գօտի ներթափանցումները:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ իր երկիրը սուրիացի ժողովուրդին օժանդակութիւններ փոխադրելու համար ձեռնարկած է օդային կամուրջի մը:
Մեկնաբանելով Կազայի մէջ իսրայէլեան ցեղասպանական պատերազմը` Անսարի ըսաւ, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն շուրջ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն տակաւին կանուխ է որեւէ զարգացման մասին խօսելու:


