Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իզէտտին. «Դիմադրութեան Համբերութիւնը Սահման Ունի»

December 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Կառավարութիւնը Սուր քաղաքի մէջ իր վերջին նիստի ընթացքին որդեգրեց որոշումներ, որոնցմէ էին փլատակներու վերացման գործողութեան, վնասներու գնահատման եւ վերակառուցման օժանդակութեան որոշումները, եւ մենք թիկունք կը կանգնինք այս կառավարութեան ու մեր հարազատները երբեք պիտի չլքենք, ինչպէս չլքեցինք 2006 թուականին, երբ պետութիւնը փլատակները վերցնելու ու ճամբաները բանալու եւ սալահատակելու իր պարտականութիւնը կատարեց, եւ մենք ալ փոխհատուցում պիտի կատարենք, եւ ատոր մէջ բացարձակապէս պիտի չթերանանք, ուստի մենք մեզ փոխհատուցման հոլովոյթին մէջ այս կառավարութեան գործընկերը կը նկատենք»:

Ան հարաւային Լիբանանի Ապպասիէ գիւղին մէջ Հըզպալլայի կազմակերպած մեծարանքի ձեռնարկի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին իր խախտումներուն ճամբով կը փորձէ ականահարել զինադադարը եւ աշխատանք կը տանի պարտադրելու իրողական նոր կացութիւն մը, որպէսզի զայն ընդունինք, եւ ան գերակայ դիրք ունենայ, սակայն ատիկա պիտի չըլլայ»:

«Այս Դիմադրութիւնը այլեւս անարգումը չ՛ընդունիր, եւ Դիմադրութիւնը կը գործէ համաձայնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մեքանիզմին համեմատ, լիբանանեան կառավարութիւնը եւս այս ուղիով կ՛ընթանայ եւ վերահսկիչ յանձնախումբին կը տեղեկացնէ: Յանձնախումբին պատասխանատուութիւնն է այս կացութիւնը սրբագրել եւ ճիշդ ուղիի վրայ դնելը», ըսաւ ան:

«Դիմադրութիւնը կը համբերէ, սակայն համբերութիւնը չափ ու սահման ունի: Կարելի չէ թշնամին իր կամքին ձգել, եւ այստեղ ֆրանսացին ու ամերիկացին հիմնական առնչակիցներն են, եւ պատասխանատուութիւնը ունին թշնամիին ստիպելու ու անոր վրայ ճնշում բանեցնելու, այլապէս ամբողջական պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն», յայտնեց Հըզպալլայի անդամ երեսփոխանը:

«Նահատակներուն կեցուածքին, անոնց քաջութեան ու հերոսութեան ճամբով թանկագին յաղթանակ մը արձանագրեցինք, որովհետեւ Դիմադրութիւնը օդուժին, ծովուժին եւ ցամաքային ուժերուն առջեւ տոկաց ու գոյատեւեց, եւ ապագային պիտի շարունակէ յայտարարել, որ այս թշնամիին վրայ յաղթանակ արձանագրեց,  այս յաղթանակը յարգի յաղթանակ է` շնորհիւ այդ նահատակներուն թափած արիւնին», յայտնեց Իզէտտին:

Նախորդը

Անդրադառնալով Սուրիացի Կարգ Մը Նախկին Պաշտօնատարներու Լիբանան Մուտք Գործելու Հարցին` Միքաթի Ցուցմունք Տուաւ Այս Թղթածրարին Նկատմամբ Կիրարկելու Այն, Ինչ Որ Օրէնքները Կը Պահանջեն

Յաջորդը

«9 Յունուար 2025-ը Պէտք Է Ըլլայ Լիբանանեան Պետութեան Նոր Ապագայ Մը Կերտելու Անկիւնաքարը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.