Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապի Ռամիա. «Զգուշութեամբ Կը Սպասենք Յետասատեան Ժամանակաշրջանին»

December 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումով տեղի կ՛ունենայ, ներսուրիական մակարդակի վրայ երկրաշարժ է, իսկ շրջանային մակարդակի վրայ բոլորը ապշեցուց:

«Զգուշութեամբ կը սպասենք շրջանին մէջ յաջորդ ժամանակաշրջանին եւ Լիբանանին բարիք կը յուսանք: Այսօր կը յիշենք Լիբանանի նահատակները, որոնք Սուրիոյ վարչակարգին զոհերն էին:

«Վերջ գտաւ ժամանակաշրջան մը, որ Ասատ ընտանիքի իշխանութեան տակ տեւեց աւելի քան 50 տարի, եւ Սուրիան կրնայ քաոսի մատնուիլ, ինչ որ Լիբանանի եւ շրջանին համար վտանգ կը ներկայացնէ», ըսաւ Ապի Ռամիա:

Երեսփոխանը մտավախութիւն յայտնեց Սուրիոյ համայնքային քանթոններու բաժանման, իսլամական ծայրայեղականութեան կամ հաւատադրժողական խմբաւորումներու յաղթանակի բեմագրութեան նկատմամբ` նշելով, որ այսօր մեր մաղթածը սուրիական հողերու ամբողջականութիւնն է, եւ փոխանցման յաջորդ փուլը հեռու պէտք է մնայ իրարանցումէն, մանաւանդ որ այդ առնչութեամբ միջազգային վստահեցումներ կը լսենք:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական իրադարձութիւններուն Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութեան, ան նշեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, Դիմադրութեան գումակային եւ զինուորական մատակարարումներու ճամբուն հասցուած ռազմավարական հարուած է, եւ ատիկա մեզ կը մղէ ներկայ նոր փուլին մէջ վերատեսութեան ենթարկելու մեր հաշիւները` Լիբանանի շահերը ամէն բանէ վեր դասելով:

«Հըզպալլայի զինուորական ուժի փոքրացումը այս երկրին մէջ հիմնական այդ բաղադրիչ մասին ջնջում կամ ոչնչացում չի նշանակեր: Կարելի չէ մեր երազած նոր Լիբանանը կառուցել յաղթողի եւ պարտուածի մօտեցումով ու տրամաբանութեամբ: Այսօր մեզ հետաքրքրողը լիբանանեան ներքին բեմի ամրապնդումն է եւ մեծամտութենէն հեռու մնալը: Պահանջուածը ազգային պատասխանատուութիւն ունենալն է եւ հեռու մնալը անձնական նեղ շահերէն, որոնք ոչ ոքի օգուտ կը բերեն եւ երկիրը կը քանդեն»:

Ապի Ռամիա նշեց, որ սուրիական վարչակարգի տապալումէն ետք պէտք է հետապնդել երկու թղթածրարներ` լիբանանցի արգելափակեալներու եւ սուրիացիներու ներգաղթի թղթածրարները` նշելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է կապ հաստատեն կազմուելիք սուրիական նոր ղեկավարութեան հետ` քննարկելու համար սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակուածներու հարցը:

Ինչ կը վերաբերի ներգաղթի թղթածրարին, Ապի Ռամիա ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքն ու Եւրոպական Միութիւնը որեւէ պատրուակ չունին գաղթականներու տունդարձին դէմ:

Խօսելով նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մասին` Ապի Ռամիա ըսաւ, որ շրջանին մէջ փոփոխութիւնները յաւելեալ խթան են հանրապետութեան նախագահ ընտրելու` մաղթելով, որ 9 յունուարը կ՛ըլլայ նախագահի ընտրութեան հարցին մէջ «սպիտակ ծուխ»-ի բարձրացման սպասուած օրը:

Ան նշեց, որ Խորհրդակցական անկախ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը կը հաղորդակցի բոլոր երեսփոխանական պլոքներուն հետ` մերձեցնելու համար տեսակէտները, հասնելու համար դրական արդիւնքի` նախագահի մը ճամբով, որ լիբանանցիները կը միախմբէ եւ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական վերականգնման ու վերաշինութեան ճամբու քարտէս կը գծէ:

Ինչ կը վերաբերի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի նախագահի պաշտօնին առաջադրման, Ապի Ռամիա ըսաւ, որ Քանաան պահանջուած արժեչափերը կը լրացնէ, որովհետեւ իրատեսական ծրագիր, եւ լաւ յարաբերութիւններ ունի բոլոր կողմերուն հետ: Ան ըսաւ, որ նոյնն է պարագան երեսփոխան Նեհմաթ Աֆրամի պարագային:

Ան ըսաւ, որ Խորհրդակցական անկախ համախմբում երեսփոխանական պլոքը կը զօրակցի ոեւէ անձի, որ պէտք եղած արժեչափերը կը լրացնէ, անկախ անոր անունէն, եւ հիմնականը կը մնայ այն վստահութիւնը, որ նորընտիր նախագահը կրնայ ապահովել լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Քոլ Փալմըրի Մրցանիշը Եւ Նափոլիի Պարտութիւնը

Յաջորդը

Եասին Սուրիացի Ժողովուրդին Իշխանութեան Խաղաղ Փոխանցում, Լիբանանցի Արգելափակեալներու Ազատ Արձակում Եւ Գաղթականներու Տունդարձ Կը Մաղթէ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.