Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Սելթիքս 17-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

December 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր «Թի. Տի. Կարտըն» մարզադաշտին վրայ 108-89 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Մայեմի Հիթի վրայ:

Ճէյլըն Պրաուն 29 կէտ նշանակեց, իսկ Ճէյսըն Թէյթըմ աւելցուց 18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ` ի նպաստ Պոսթընի, որուն պահեստի մարզիկ Փէյթըն Փրիչըրտ 25 կէտով մեծ դեր ունեցաւ այս յաղթանակին մէջ, Պոսթընի 8-րդն էր իր վերջին 9 խաղերուն:

Հայմէ Հաքես Ճունիոր 19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Թայլըր Հերրօ 19 կէտ աւելցուց ի նպաստ Մայեմիի: Երկու խումբերէն հիմնական մարզիկներ կը բացակայէին: Մայեմի կը խաղար առանց Ճիմի Պաթլըրի, որ Մայեմիի 19 խաղերէն 5-րդ մրցումն էր: որ կը բացակայէր ծունկի հարցերու պատճառով: Սելթիքսէն կը բացակայէին Ճրու Հոլիտէյ, Ալ Հորֆըրտ եւ Քրիսթափս Փորզինկիս:

Աթլանթայի մէջ, տեղւոյն Հոքսը 124-113 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ:

Թրէյ Եանկ 12 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց` այս տարեշրջանի իր 15-րդ տապըլ-տապըլը ձեռք ձգելով: Աթլանթայի յաջորդական 4-րդ յաղթանակն էր այս, եւ Հոքս շատ լաւ խմբային խաղ կը ցուցաբերէ: Տէ՛Անտրէ Հանթըր 22 կէտ նշանակեց իր 27-րդ տարեդարձին օրը` ի նպաստ Աթլանթայի:

Սի. Ճէյ. Մըքոլում 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Օրլինզի, մինչ Տեճունթէ Մարէյ, որ այս տարեշրջանին փոխանցուած էր Աթլանթայէն Նիւ Օրլինզ, ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ համակիրներէն եւ նշանակեց 7 կէտ եւ 10 էսիսթ:

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, որ անցեալ տարի Արեւմտեան շրջանի աւարտականին հասած էր, մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վրայ` 109-80 արդիւնքով:

Ճուլիըս Ռենտըլ (18 կէտ) եւ Ռուտի Կոպեր (17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) կրցան Մինեսոթան առաջնորդել յաղթանակի: Անթոնի Էտուըրտծ, որ քանի մը օր առաջ իր խմբակիցներէն խնդրած էր քիչ մը աւելի կարծր խաղալ, միայն 8 կէտ նշանակեց, բայց Ողիմպիական խումբի իր խմբակիցներ Լըպրոն Ճէյմս եւ Անթոնի Տէյվիս նոյնքան ձախող մրցում ունեցան Լէյքըրզի հետ:

Ճէյմս 19 յաջորդական 3 կէտնոց կողովներ կորսնցուց եւ 10 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Տէյվիս 12 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տ՛Անճելօ Ռասըլ, որ վերադարձած էր Լէյքըրզի հիմնական կազմ, 20 կէտ նշանակեց:

Շիքակօ Պուլզ 128-102 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցին: Ճոշ Կիտի 20 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պուլզի, մինչ գերմանացի Տենիս Շրուտըր 16 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նեթցի:

Երկու խումբերն ալ իրենց 22 մրցումներէն 9-ն յաղթած են:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ 108-89
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 124-112
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 109-80
Շիքակօ Պուլզ – Պրուքլին Նեթց 128-102

 

Նախորդը

Արտակ Գրիգորեան Աւարտեց Իր Ֆութպոլի Ասպարէզը

Յաջորդը

Թենիս. Խաչանով 19-րդ Դիրքի Վրայ, Իսկ Աւանէսեան` 44

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.