Ամերիկացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է Կազայի մէջ գերիներու ազատագրման գործարքի վրայ կեդրոնանալ:
Պաշտօնատարները նշած են, որ Պայտըն մտադիր է շարունակել ճնշումը` հասնելու համար Կազայի մէջ գերիներու վերաբերեալ համաձայնութեան:
Իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդէն բարձրաստիճան նախարար մը իր կարգին իսրայէլեան կայքին յայտնած է. «Նեթանիահու հետաքրքրուած է ջատագովելով Կազայի մէջ գերիներու մասնակի գործարք մը, որ իրեն չի ստիպեր պատերազմը աւարտել»:


