Հաւաքական Արեւմուտքը ներքին տագնապներ կը հրահրէ եւ կը փորձէ Վրաստանի մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւն» շղթայազերծել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` խօսք արտասանելով ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու հանդիպումի 20-րդ հանդիպումին:
«Հաւաքական Արեւմուտքը կը հրահրէ ներքին տագնապներ, լարուածութեան օճախներ եւ չի խորշիր տարբեր կեղտոտ աշխարհաքաղաքական ճարտարագիտութիւնները օգտագործելէ` լայնածաւալ տեղեկատուական պատերազմներու կազմակերպումէն մինչեւ ուղղակի «գունաւոր յեղափոխութիւններ» շղթայազերծելը, ինչպէս հիմա կը փորձեն ընել Վրաստանի մէջ», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով իր կարգին նոյն հանդիպումի ընթացքին ըսած է, որ արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւնները Վրաստանի մէջ նոր «գունաւոր յեղափոխութիւն» իրականացնելու փորձերու ձեռնարկած են:


