Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինադադարի Համաձայնութեան

November 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի մէջ պաշտօնատարներ երէկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ հիւսիսային ճակատի վրայ զինադադարը այս գիշեր յայտարարուի եւ վաղը առաւօտեան ուժի մէջ մտնէ»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին յայտարարեց. «Իսրայէլի մէջ նախատեսութիւնները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի մէջ զինադադարը վաղը ուժի մէջ պիտի մտնէ»:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք պիտի հրապարակուի ամերիկեան-ֆրանսական հաղորդագրութիւն մը, որ պիտի յայտարարէ զինադադարի համաձայնութեան գոյացումը:

Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Կը նախատեսուի, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք հրապարակէ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ամերիկեան-ֆրանսական հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը ողջունող հաղորդագրութիւն մը»:

Նշենք, որ Լիբանանի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը այսօր ժամը առաւօտեան 9:30-ին պիտի գումարէ ժողով մը:

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութեան նիստի գումարումը կ՛առնչուի Իսրայէլի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան նախագիծի վաւերացման»:

«Եթէ օրինաթիւ չգոյանայ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի նախագահութեամբ նախարարներու խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց աղբիւրը:

Կառավարական աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Զինադադարի համաձայնութիւնը վաղը վարչապետարանէն պիտի յայտարարուի»:

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին շեշտած է. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը զինադադարի միակ շրջագիծն է, եւ համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի փուլ առ փուլ եւ 60 օր երկարող ժամանակամիջոցի մը ընթացքին»:

«Հնգանդամ յանձնախումբը պիտի հսկէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարին, երբ անիկա ուժի մէջ մտնէ», նշեց աղբիւրը:

Ըստ տեղեկութիւններու, կը նախատեսուի ստեղծումը Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Իսրայէլի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակցութեամբ յանձնախումբի մը, որուն պարտականութիւնը զինադադարի գործադրութեան հսկողութիւնը պիտի ըլլայ:

Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը իսրայէլացիներուն պիտի արտօնէ ապահով կերպով վերադառնալ հիւսիսի մէջ իրենց բնակարանները»:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնած է. «Բացարձակապէս աչք պիտի չփակենք Լիբանանի մէջ զինադադարին որեւէ հաւանական խախտումի»:

«Պիտի թիրախաւորենք իւրաքանչիւր ահաբեկչական կազմակերպութիւն կամ զայն զինելու փորձ, ինչպէս նաեւ ձախողութեան պիտի մատնենք զէնքի մաքսանենգման որեւէ փորձ» նշած է Քաց:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բանբերը յայտնած է. «Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հաստատման իսրայէլեան կառավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ»:

Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը երէկ գիշեր յայտարարեց, որ համաձայն է Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան, որմէ ետք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Նախարարաց սեղմ խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման, եւ մենք ուժգին պիտի հակադարձենք Հըզպալլայի կողմէ որեւէ խախտումի, համաձայնութիւնը պիտի գործադրենք եւ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները պիտի վերադարձնենք»:

«Լիբանանի մէջ զինուորական գործունէութեան ազատութիւնը ամբողջովին պիտի պահպանենք, եթէ Հըզպալլան որոշեց գործել», նշեց Նեթանիահու:

«Այս գիշեր Լիբանանի հետ զինադադարի նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացնենք», ըսաւ ան:

«Զինադադարի հաստատման մէկ այլ պատճառ է ճակատները իրարմէ անջատելը եւ Համասը ամբողջովին պատկերէն դուրս բերելը», յայտնեց Նեթանիահու:

Նախորդը

Իսրայէլ Մայրաքաղաք Պէյրութի Եւ Անոր Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակումներուն Թափ Տուաւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Նոյեմբեր 2024)

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.