Լիվըրփուլ տակաւին պայմանագիր չէ առաջարկած իր եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահին: 32 տարեկան Սալահի պայմանագիրը կ՛աւարտի այս եղանակի վերջաւորութեան:
«Շուտով դեկտեմբեր է, իսկ ես տակաւին պայմանագիրի առաջարկ չեմ ստացած: Եւ հաւանաբար աւելի շատ ակումբէն դուրս եմ, քան ներս: Գիտէ՞ք, ես երկար տարիներէ ի վեր ակումբին հետ եմ, եւ ամէնէն հինը: Բայց անիկա ինձմէ կախեալ չէ: Ինչպէս ըսի` դեկտեմբեր հասած ենք, եւ ես տակաւին ոչինչ ստացած եմ ապագայի վերաբերեալ: Ես կը սիրեմ համակիրները, եւ իրենք կը սիրեն զիս: Ի վերջոյ, ասիկա ո՛չ իմ, ոչ ալ իրենց ձեռքն է: Սպասենք ու տեսնենք: Ես նպատակ չունիմ աւարտելու ասպարէզս, ուստի ես պարզապէս կեդրոնացած եմ տարեշրջանին վրայ: Ես ամէն գնով կը փորձեմ շահիլ «Փրեմիեր Լիկ»-ը, եւ յոյսով` «Չեմփիընզ լիկ»-ը: Ես անակնկալի եկած եմ, բայց նայինք», ըսաւ Սալահ` Սաութհեմփթընի մրցումէն ետք:
Նշենք, որ այսօր Լիվըրփուլ պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով, մինչ Ռէալէն կը բացակայի «Ոսկի գնդակ»-ի թեկնածու Վինիսիուս Ճունիոր, որ միացաւ վիրաւորներու` Ալապայի, Քարվախալի եւ Միլիթաոյի վիրաւորներու ցանկին, իսկ հաւանական է, որ Ռոտրիկօ վերադառնայ:


