Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարի Համաձայնութիւնը` Մօտալո՞ւտ

November 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց. «Երէկ գիշեր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ հիւսիսի մէջ կարգաւորման քննարկում տեղի ունեցաւ: Քննարկումը աւարտեցաւ գիշերը, որմէ ետք Իսրայէլի մէջ քաղաքական պաշտօնատարներ յայտնեցին. «Մենք կարգաւորման ճամբուն վրայ ենք: Կրնայ ըլլալ, որ վաղը չստորագրուի, սակայն բոլոր կողմերուն մօտ փափաք գոյութիւն ունի, եւ ընթացքը մինչեւ հիմա դրական է»:

Քաղաքական պաշտօնատար մը երէկ առաւօտեան ըսած է. «Տակաւին կան կէտեր, զորս պէտք է փակել, եւ կը թուի թէ համաձայնութիւնը մօտալուտ է»:

«Մաարիւ» նաեւ հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Հերցոկ այս առաւօտ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մենք Լիբանանի մէջ համաձայնութեան հասնելու մօտ ենք, եւ ատիկա կրնայ քանի մը օրէն տեղի ունենալ: Մենք միայն վերջին պատկերացումը փակելու կարիք ունինք»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպանը նաեւ «Պլուպըրկ»-ին յայտնած է. «Իսրայէլ եւ Հըզպալլա համաձայնութեան գոյացման եզրին են»:

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Իսրայէլ եւ Լիբանան զինադադարի համաձայնութեան կնքման եզրին կը գտնուին»:

Պաշտօնատարներ կայքին յայտնեցին. «Ուաշինկթըն համաձայն գտնուեցաւ սահմաններուն մօտ Հըզպալլայի զինուորական ներկայութեան վերականգնման խափանման վերաբերեալ Իսրայէլին երաշխիքներ տալ»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնեց. «Որոշում տրուեցաւ յառաջ ընթանալու դէպի համաձայնութիւն, որ կրնայ այս շաբաթ յայտարարուիլ»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ալ «Աքսիոս»-ին ըսին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ կողմերը կը մօտենան համաձայնութեան, որ տակաւին չէ ամբողջացած»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Քանի մը օրերու ընթացքին կարելի է Լիբանանի շուրջ համաձայնութեան հասնիլ, եւ զինադադարի առաջարկին վերաբերող անհամաձայնութիւնները այդքան ալ էական չեն»:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռը կիրակի գիշեր հաղորդեց. «Իսրայէլ (ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս) Հոքշթայնին կանաչ լոյս տուաւ Լիբանանի հետ համաձայնութեան ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու»:

Սակայն ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ Հոքշթայնին Լիբանանի հետ համաձայնութիւն կնքելու կանաչ լոյս չտուաւ»:

Հոքշթայն իր կարգին «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այն տեղեկութիւնը, թէ Իսրայէլ իրեն կանաչ լոյս տուած է Լիբանանի հետ համաձայնութեան ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու, «ճշգրիտ չէ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ «ամերիկացի պատուիրակը սպառնաց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջնորդութենէն հեռանալ, եթէ քանի մը օրէն համաձայնութիւն չգոյանայ»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին հաղորդեց. «Հոքշթայն Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանին յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի հետ զինադադարի առաջարկին դրական պատասխան չտայ, ինք պիտի հեռանայ միջնորդութեան ջանքերէն»:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանը Հոքշթայնէն Իսրայէլի պատասխանին ուշացումին վերաբերեալ բարկութեամբ լեցուն պատգամ մը ստացաւ»:

Հոքշթայն, սակայն, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Համաձայնութեան խոչընդոտման ու Նեթանիահուն զգուշացնելուս, թէ կրնամ բանակցութիւններէն քաշուիլ, խօսքերը ճշգրիտ չեն, եւ տակաւին Փարիզ այցելութեանս համար ժամանակացոյց չկայ»:

Նշենք, որ ըստ տեղեկութիւններու, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան կնքումը Փարիզէն պիտի յայտարարուի:

Ֆրանսական աղբիւրներ կիրակի գիշեր «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Մինչեւ հիմա Հոքշթայնի Փարիզ այցելութիւնը չէ ճշդուած»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին յայտարարութիւն կատարելով խստիւ հերքեց կանաչ լոյս տալը` Լիբանանի հետ համաձայնութեան հասնելու գծով:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կան Լիբանանի մէջ զինադադարի ամերիկեան երաշխիքներ, որոնց շարքին են արբանեակներով հսկողութիւնը եւ Պայտընի` Մաքրոնը համոզելը, որ Ֆրանսան համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան չմասնակցի»:

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Իսրայէլ եւ Լիբանան զինադադարի համաձայնութեան կնքման եզրին կը գտնուին»:

Պաշտօնատարներ կայքին յայտնեցին. «Ուաշինկթըն համաձայն գտնուեցաւ սահմաններուն մօտ Հըզպալլայի զինուորական ներկայութեան վերականգնման խափանման վերաբերեալ Իսրայէլին երաշխիքներ տալու»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին ըսաւ. «Որոշում տրուեցաւ յառաջ ընթանալու դէպի համաձայնութիւն, որ կրնայ այս շաբաթ յայտարարուիլ»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ալ «Աքսիոս»-ին նշեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ կողմերը կը մօտենան համաձայնութեան, որ տակաւին չէ ամբողջացած»:

Առնչակից աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, թէ կարճ ժամանակի ընթացքին զինադադարի համաձայնութեան կնքման շուրջ դրական մթնոլորտը անգամ մը եւս սկսաւ տարածուիլ: «Համաձայնութիւնը գրեթէ պատրաստ է, բացի կարգ մը փոքր մանրամասնութիւններէ, զորս կարելի է շրջանցել: Սակայն «մանրամասնութիւններուն մէջ գտնուող սատանան» տակաւին կրնայ կասեցնել բոլոր մեծ ջանքերը, որոնք կը թափուին ընթացող պատերազմին վերջ տալու համար», նշած են աղբիւրները:

Քաղաքական աղբիւրներ երէկ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած են. «Հիւսիսի մէջ կարգաւորումը շատ մօտ է: Անիկա օրերու հարց է: Կը նախատեսուի, որ, եթէ վերջին պահուն անակնկալներ չըլլան, կարգաւորումը ստորագրուի շաբթուան վերջաւորութեան եւ թերեւս անկէ ալ առաջ»:

«Նախագիծերը փակուելու մօտ են, եւ երկու կողմերը կարգաւորման հասնելու յանձնառութիւն յայտնեցին», նշած են աղբիւրները:

«Մաարիւ» կը նշէ, որ ըստ նախատեսութեանց, իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին եւ կառավարութեան մէջ կարգաւորման ի նպաստ մեծամասնութիւնը ապահովուած է, հակառակ ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիրի ընդդիմութեան:

Բանակցութիւններէն լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, թէ կարգաւորումը իրողապէս անցեալ շաբաթ հասունցած է, սակայն քայլը 90-րդ վայրկեանին ուշացած է Միջազգային քրէական դատարանի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթի դէմ ձերբակալման գիր հրապարակելուն պատճառով:

Միջնորդները մտավախութիւն յայտնած են, որ հրամանագիրի հրապարակման լոյսին տակ լիբանանեան կողմը իր դիրքորոշումը կը կարծրացնէ եւ նոր պահանջներ կը ներկայացնէ, սակայն, ի վերջոյ հաղորդակցութիւնները վերադարձած են իրենց հունին եւ յառաջ ընթացած, իսկ այժմ բանակցութիւնները հասած են վերջնական փուլին:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կիրակի երեկոյեան իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ ապահովական խորհրդակցութիւններու ընթացքին Հըզպալլայի հետ զինադադարի հաստատման ծրագիրին սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնեց»:

«Իսրայէլ տակաւին որոշ վերապահութիւններ ունի համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ, եւ կը նախատեսուի, որ երկուշաբթի օր համաձայնութիւնը փոխանցուի լիբանանեան կառավարութեան, եւ այդ մանրամասնութիւններն ու ուրիշներ տակաւին բանակցութեան նիւթ են», նշած է աղբիւրը:

Շարք մը աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են. «Համաձայնութիւնը վերջնական պիտի չըլլայ, մինչեւ որ բոլոր խնդիրները լուծուին: Զինադադարի համաձայնութիւնը նաեւ կարիքը պիտի ունենայ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի հաւանութեան, ինչ որ տակաւին տեղի չէ ունեցած»:

«Բանակցութիւնները կը թուին դրական կերպով դէպի համաձայնութիւն ուղղուիլ», ըսած են աղբիւրները, սակայն շեշտած են, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումներու շարունակման լոյսին տակ «սխալ մը կրնայ բանակցութիւնները գլխիվայր շրջել»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է. «Յառաջիկայ օրերուն կրնայ համաձայնութիւն գոյանալ, եթէ անակնկալ մը չպատահի»:

«Հիւսիսի մէջ զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց կայ, եւ հարցը աւելի քան երբեք մօտ է», նշած է ան:

Պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Պայտընի վարչակազմը լիբանանցի պաշտօնատարներու փոխանցեց, թէ համաձայնութիւնը կրնայ քանի մը ժամէն յայտարարուիլ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Կը նախատեսուի, որ Իսրայէլի անվտանգութեան հարցերու նախարարաց սեղմ խորհուրդը երեքշաբթի օր հաւանութիւն տայ Լիբանանի հետ համաձայնութեան»:

Նախորդը

Պու Սաապ. «Զինադադարի Հարցին Վերաբերեալ Վճռման Պահուն Մօտեցանք»

Յաջորդը

Մինչ Իսրայէլեան Օդուժը Շարունակեց Բուռն Ու Իրերայաջորդ Յարձակումներ Գործել Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ, Պայատայի Մէջ «Մերքաւա»-ներու Նոր «Ջարդ» Տեղի Ունեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.