Խորհրդարանի դիւանը երէկ Այն Թինէի մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, քարտուղարներ Հատի Ապու Հասանի եւ Ալեն Աունի, յանձնակատարներ Միշել Մուսայի, Քարիմ Քապպարայի եւ Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի:
Պու Սաապ ժողովէն ետք յայտնեց. «Իբրեւ խորհրդարանի դիւան ժողով գումարեցինք նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ քննարկեցինք օրակարգը խորհրդարանի ընդհանուր նիստի մը, որուն հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին գումարման կը պատրաստուէինք, եւ կային օրէնքներու շարք մը առաջարկներ: Բոլոր օրէնքները շտապ եւ հրատապ են, եւ բոլոր քաղաքացիները զանոնք կը սպասեն: Յարմար դատեցինք կարելի եղածին չափ օրակարգը շատ քիչ նիւթերով սահմանափակել` նկատի ունենալով ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով անվտանգութեան, բանակին, արդարադատութեան եւ զինեալ ուժերուն վերաբերող օրէնքներու որդեգրման կարեւորութիւնը»:
Պատասխանելով լրագրողներու զինադադարի հաստատման հարցին շուրջ լաւատեսութեան մակարդակի բարձրացման վերաբերեալ հարցումի մը` Պու Սաապ ըսաւ. «Այն, ինչ որ կ՛ուզեմ ըսել, այն է, թէ անցնող ժամերուն իսրայէլացի թշնամիին կողմէ յարձակումներու կշռոյթը բարձրացաւ, ինչ որ ծանօթ է, որ ամէն անգամ, որ լուրջ բանակցութիւններու մօտենանք, որուն ան մասնակից է, կը դիմէ մագլցումի` հակառակ կողմին վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի իր դիմաց զիջի:
«Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին այս առումով իր փորձառութեամբ եւ պատմութեամբ չ՛արտօներ, որ այդ ճնշումը նահանջի մղէ որեւէ դիրքորոշման մէջ, որ կը վերաբերի Լիբանանին եւ անոր գերիշխանութեան, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, որուն համաձայն գտնուեցաւ ամբողջ Լիբանանը: (…) Իսրայէլացի թշնամին այսօր քանդումի սիրոյն կը քանդէ, քաղաքայինները կը սպաննէ, շէնքերը կը ռմբակոծէ եւ ոճիրներ կը գործէ, ուստի ոչ ոք թող ըսէ, թէ թշնամին միայն Հըզպալլան կը թիրախաւորէ: Թշնամին որեւէ բան կը թիրախաւորէ` ճնշում բանեցնելու համար, եւ ռմբակոծման ու անկանոն յարձակումի կը դիմէ, ինչ որ եւս ծանր գին կ՛արժէ, ինչպէս որ միջազգային ընտանիքին առջեւ գին վճարեց, ինչպէս Նեթանիահուի վերաբերեալ տեղի ունեցածը միջազգային դատարանին մէջ»:
«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, յաւելեալ կէտ մըն է. իմ կարծիքովս` այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, այն է, որ մօտեցանք այն ժամուն, երբ այս շաբաթ կամ յառաջիկայ 10 օրերուն զինադադարի հաստատման վերաբերեալ վճռում տեղի պիտի ունենայ: Լաւատես ենք: Յոյս գոյութիւն ունի, սակայն կարելի չէ Նեթանիահուի նման անձի մը գոյութեամբ պնդել», նշեց խորհրդարանի փոխնախագահը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք տակաւին կա՞ն առկախ մնացած հարցեր, ինչպէս` թշնամիի գործելու ազատութիւնն ու զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին Ֆրանսայի անդամակցութիւնը, Պու Սաապ ըսաւ. «Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ Ֆրանսայի ներկայութեան, որովհետեւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրի չընդունեց, որ Ֆրանսան յանձնախումբին մէջ ներկայ չըլլայ, որովհետեւ Լիբանան այցելութեան ընթացքին ամերիկացի միջնորդին հետ համաձայնած էր Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի ներկայութեան շուրջ, եւ խորհրդարանի նախագահի դիրքորոշումն էր, որ համաձայնութիւնը համաձայնութիւն է, ինչ որ Ֆրանսայի այդ յանձնախումբին մաս կազմելն է:
«Ինչ կը վերաբերի գործելու ազատութեան, մենք կը խօսինք թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան մասին, ինչպէս նաեւ թիւ 1701 որոշումը Իսրայէլին Լիբանանի մէջ գործելու ազատութիւն չի տար: Այն, ինչ որ մեր տրամադրութեան տակ է, եւ այն, ինչ որ խորհրդարանի նախագահէն լսեցինք, կը խօսինք միայն թիւ 1701 որոշումին մասին, ո՛չ աւելի, ո՛չ նուազ, սակայն գործադրութեան վերահսկողութեան մեքանիզմով, իսկ յանձնախումբն ու զայն նախագահողը իրաւասութիւն չունին ըսելու, թէ կ՛ուզեն թիւ 1701 որոշումը բեկանել եւ Լիբանանի վրայ յարձակումը արտօնել»:
«Մեզի չի հետաքրքրեր, թէ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն մէջ ի՛նչ կը հրապարակուի, եւ այն, ինչ որ կը խօսինք ներքին խնդիրի համար է, իսկ այն, ինչ որ Լիբանանի մէջ կը խօսինք իրողութիւնն է: Կշիռը դէպի լաւատեսութիւն կը թեքի», եզրափակեց Պու Սաապ:


