Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Զինուորական պատասխանատուները կը սերտեն Իսրայէլին հակադարձելու տարբեր ընտրանքները, եւ ատիկա ճշգրտութիւն ու գաղտնապահութիւն կը պահանջէ»:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լարիժանի շեշտեց. «Հըզպալլան Լիբանանի եւ շրջանի պաշտպանութեան մէջ հզօր է, եւ Լիբանանի պատասխանատուները բանակցութիւններուն մէջ ատիկա նկատի կ՛ունենան»:
«Հըզպալլան ինքնիր հրթիռները կ՛արտադրէ, եւ զայն Լիբանանի քաղաքական հաւասարակշռութենէն հեռացնելը սեղանի վրայ չէ», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդականը:
«Հըզպալլան ամուր պատուար է սիոնական գոյացութեան դիմաց, եւ կը յարգենք լիբանանեան այլ կողմերը», աւելցուցած է Լարիժանի:


