Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ապագայի աստղերէն Սելին Հայտար, «Պի. Էֆ. Էյ.»-ի հետ Լիբանանի ախոյեան դառնալէ ետք այժմ շաբաթէ մը աւելի է, որ մահաքունի մէջ է` գլուխէն երկաթի բեկոր մը ստանալէ ետք Շիյահի վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումներուն պատճառով:
19 տարեկան Սելին Հայտար ազգային խումբ կը սպասէր հրաւիրուիլ, ուր 2 տարի առաջ շահած էր Արեւմտեան Ասիոյ երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, 18 տարեկանէն վար Լիբանանի ազգային խումբին հետ:
Հայտար շաբաթներ առաջ տեղափոխուած էր Պաաքլին` իր ընտանիքին հետ, սակայն համալսարան եւ ֆութպոլի փորձերուն ներկայ ըլլալու նպատակով վերադարձած էր իրենց տունը` Շիյահ, միայն քնանալու համար:
Սելին Հատտատի հայրը վերջերս «Ֆրանս փրես»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Առաւօտուն հեռաձայնեցին ըսելու համար, թէ մեր տան մօտ ռմբակոծում պիտի ըլլայ, տունէն անմիջապէս դուրս ելաւ… Աւելի ուշ կինս հեռաձայնով տեղեկացուց, թէ Սելին հիւանդանոցն է եւ վիրաւորուած գլուխէն: Կ՛ուզէր Մեսսիին եւ Ռոնալտոյին նման ֆութպոլիստ ըլլալ… Ո՞ւր է Սելինը հիմա… իր ամբողջ կեանքը պայքարած էր հասնելու իր երազներուն: Պայքարող էր դաշտին վրայ եւ կը պայքարի հիւանդանոցը…»:


