Իտալիոյ եւ Նետերլանտներու ազգային խումբերը հանդիպեցան «Տէյվիս Քափ» 2024-ի աւարտականին:
Իտալիա թիւ 1 թեկնածուն էր մրցումէն առաջ եւ կրցաւ իր տիտղոսը պահել 2-րդ յաջորդական տարին ըլլալով (իր պատմութեան ալ առաջին 2 տիտղոսները):
Մաթէօ Պերեթինի եւ Պոթիք Ֆան տը Զանթցխուլփ ճակատեցան, Պերեթինի 6-4, 6-2 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Երկրորդ մրցումին թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Թալոն Կրիքսփուրին. տիտղոսը պահեց Իտալիան` առանց զոյգերու մրցումներ կատարելու:


