Այս շաբաթ կը շարունակուի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքը, որուն ծիրին մէջ այսօր կը սկսին 5-րդ շաբթուան մրցումները:
«Օրուան մրցում»-ը իրար դէմ պիտի հանէ Պայերն Միւնիխն ու Փարիզ Սեն Ժերմենը: Երկու խումբերն ալ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին իրենց ախոյեանութիւններուն մէջ, սակայն «Չեմփիընզ լիկ»-ի պարագային այդքան ալ լաւ չէին առաջին 4 մրցումներուն, ուր Պայերն 6 կէտ հաւաքած է, մինչ ֆրանսական ակումբը` 4 կէտ:
Պայերն նոր մարզիչով տարբեր տեսակի ֆութպոլ կը խաղայ, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն, ըստ մարզիչ Լուիս Էնրիքէի, «սպասուած» մակարդակը չունի տակաւին եւ շատ աւելին կը սպասէ իր մարզիկներէն:
Պայերնէն կը բացակային Փալինիա, Փաւլովիչ, Սթանիշիչ եւ Իթօ, իսկ Փարիզի կազմէն կը բացակային Քիմփեմպէ, Մենտեշ եւ Կուալօ Ռամոս:
Վաղը Անգլիոյ մէջ Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Պէտք է ըսել, որ 2009-էն ետք խումբերը 8 անգամ մրցած են իրար դէմ, եւ Ռէալ 7 անգամ յաղթական դուրս եկած է: Այժմու մակարդակով Լիվըրփուլ կրնայ ըլլալ, որ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն ՌԷալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ տարբեր խումբ եւ տարբեր մակարդակ կը ցուցաբերէ:
Ստորեւ` 5-րդ շաբթուան յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Սփարթա Փրակա – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Սլովան Պրաթիսլաւա – Ա. Սէ. Միլան
Մանչեսթըր Սիթի- Ֆեյենուրտ
Ինթեր Միլան – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Պայերն Միւնիխ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Պարսելոնա – Պրեսթ
Եանկ Պոյզ – Աթալանթա
Պայեր Լեւերքուզըն – Ռետ Պուլ Զալցպուրկ
Սփորթինկ Լիզպոն – Արսենալ
ՎԱՂԸ
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – Շթութկարթ
Շթուրմ Կրաց – Ժիրոնա
Տինամօ Զաղրեպ – Տորթմունտ
Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ
Սելթիք – Ֆ. Ք. Պրիւժ
Մոնաքօ – Պենֆիքա
Ասթոն Վիլա – Եուվենթուս
ՓՍՎ Այնտհովըն – Շախթիոր Տոնեթցք
Պոլոնիա – Լիլ


