– ԻՍՐԱՅԷԼԻ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Բանակը հարուածեց Հըզպալլայի հրթիռային կարողականութեան 70 առ հարիւրը»:
«Լիբանանի հետ համաձայնութեան գործադրումը ինքնին համաձայնութենէն աւելի կարեւոր է», նշեց Սահեր:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Պետական ճամբար կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Պենի Կանց. «Լիբանանի կառավարութիւնը Հըզպալլային ազատութիւն կու տայ, եւ ժամանակն է ուժով գործելու անոր տուեալներուն դէմ»:
– ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել դատապարտեց «ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումին բռնութիւնը: Այդ յարձակումները միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում են եւ պէտք է անմիջապէս դադրին»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը կը հաղորդէ, որ Քլէյլէ-Սուր ճամբուն վրայ գտնուող Ամրիէի մէջ բանակի կեդրոնին վրայ իսրայէլեան բանակի յարձակումին պատճառով նահատակուած է զինուոր մը եւ 18 ուրիշներ վիրաւորուած են: Կեդրոնը նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուած է:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը յայտնած է, թէ իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը կը ցաւի դէպքին համար` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը կռիւի ընթացքին կը թիրախաւորէ Հըզպալլան եւ ոչ թէ լիբանանեան բանակը` աւելցնելով, որ դէպքին շուրջ «յաւելեալ հետաքննութիւն» տեղի կ՛ունենայ:
– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ օր մայրաքաղաք Պէյրութի Պասթա շրջանին վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումը պատճառած է 29 զոհ եւ 66 վիրաւոր:
Նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Լիբանանի վրայ յարձակումի սկիզբէն ի վեր արձանագրուած են 3754 զոհեր եւ 15626 վիրաւորներ: Շաբաթ օր արձանագրուած է 84 զոհ եւ 213 վիրաւոր:


