Շրջանային եւ ամերիկացի լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հաւանական համաձայնութիւն մը սկսած է ուրուագծուիլ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կարգաւորման վերաբերեալ զգուշաւոր լաւատեսութեան պատճառ կայ:
Աղբիւրները նշած են, որ Լիբանանի վերաբերեալ կարգաւորման գործադրութիւնը տակաւին համաձայնութեան կը կարօտի:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հաւանական համաձայնութիւնը կը ներառէ 60 օր տեւողութեամբ ժամանակաւոր զինադադար մը, որուն ընթացքին Իսրայէլ կը հեռանայ Լիբանանէն, իսկ Հըզպալլան Լիթանի գետէն հիւսիս կը նահանջէ:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմը դադրեցնելու բանակցութիւնները յառաջ կ՛ընթանան, «եւ չկան խորքային խոչընդոտներ, որոնք կրնան տապալել ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի ղեկավարած բանակցութիւնները»:
«Ուաշինկթընի մէջ բոլոր ցուցանիշերը ցոյց կու տան, թէ առաջարկուող համաձայնութիւնը քանի մը օրէն պիտի կնքուի», աւելցուցած է արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրը:
«Բնական է, որ բանակցութիւնները իրենց բնական տեւողութիւնը առնեն` վերջ տալու համար գոյութիւն ունեցող տագնապին, մինչ կան շարք մը պահանջներ, որոնց շուրջ տարակարծութիւնները այլեւս սահմանափակուած են գործնական հարցերով», նշած է աղբիւրը:
Պատասխանելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբին մէջ ֆրանսական դերակատարութեան դէմ իսրայէլեան վեթոյին վերաբերեալ հարցումի մը` արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրը ըսած է. «Ֆրանսայի կարգաւորման հովանաւորութեան ու կայունութեան հաստատման դերակատարութիւնը հաստատ է, եւ անիկա դերակատարութիւն մըն է, որուն կառչած են Միացեալ Նահանգները»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Յառաջիկայ շաբաթ Լիբանանի մէջ համաձայնութեան հասնելու առիթները լաւ են»:


