Լիբանանէն արձակուած հրթիռներ երէկ թիրախաւորեցին Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւը: Հըզպալլայի արձակած հրթիռները ինկան Թել Աւիւի շարք մը շրջաններու մէջ` պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական մեծ վնասներ:
Հրթիռակոծման պատճառով շուրջ 4 միլիոն իսրայէլացիներ թաքնուեցան ապաստանարաններու մէջ:
Լիբանանէն արձակուած հրթիռները Թել Աւիւի արեւելեան շրջանը գտնուող Պթահ Թեքվայի մէջ շուրջ 40 ինքնաշարժներու վնաս հասցուցին եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառեցին:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը, անդրադառնալով Թել Աւիւի հրթիռակոծման, նշեց. «Պէյրութը այսօր պիտի ցնցուի»: Ապահովական աղբիւր մը իր կարգին իսրայէլեան «Մաարիւ»-ին յայտնեց. «Հըզպալլան իր պահեստանոցները կը դատարկէ, առ ի պատրաստութիւն զինադադարին»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ հրթիռ մը ինկած է երկրին կեդրոնը գտնուող Իլաատի վրայ, այլ հրթիռ մըն ալ Հերցիլիայի մօտ գտնուող Շաֆայիմ բնակեցման վայրին վրայ, ուր շէնք մը ուղղակի հարուած ստացաւ:
5 հրթիռներ ինկած են նաեւ Հաշարոն եւ Ղոշ Տան բնակեցման վայրերուն վրայ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, մեկնաբանելով Թել Աւիւի հրթիռակոծումը, հաղորդեց, որ «Իսրայէլի մէջ հաստատուեցաւ ապահովական գօտի մը, որ կը հասնի մինչեւ Հայֆայի շրջանն ու անոր ծոցը, իսկ կեդրոնին մէջ` Հաշարոն շրջան»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը Հըզպալլայի կողմէ կիրակի օրուան հրթիռակոծումը որակեց «բացարձակապէս արտասովոր»` նշելով, որ մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը արձակուած հրթիռներուն թիւը «եռապատիկ է, եւ հրթիռներու տարածումը հիւսիսի երկայնքին եւ Իսրայէլի խորքին մէջ էին»:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Հըզպալլա մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը Իսրայէլի վրայ շուրջ 400 հրթիռ արձակած է:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու տարբեր շրջաններու վրայ իր իրերայաջորդ յարձակումները:
Օդուժը նաեւ յարձակում գործեց հարաւի մէջ Տէյր Քանուն Ռաս Էլ Այն եւ Եըհմոր Շքիֆ գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմել նահանգին մէջ Պուտայ-Սաատիէ ճամբուն վրայ, արձանագրուեցաւ 2 զոհ եւ մէկ վիրաւոր:


