Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Իր Յաջորդական 5-րդ Պարտութիւնը Կրեց

November 25, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանչեսթըր Սիթի ակումբի մրցանիշը` 52 մրցումներ անյաղթ մնալով իր «Էթթիհատ» մարզադաշտին վրայ, խախտուեցաւ, երբ շաբաթ գիշեր 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թոթենհամի դէմ մրցումին:

Ասիկա «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով 3-րդ պարտութիւնն էր Սիթիի, Պորնմաութի եւ Պրայթընի դէմ մրցումներէն ետք, որոնց միջեւ Սիթի պարտուած էր Սփորթինկ Լիզպոնէն («Չեմփիընզ լիկ») եւ Թոթենհամէն (բաժակի մրցաշարքին):

Սպանացի մարզիչ Կուարտիոլա իր մարզիկներուն կոչ ուղղեց իրենք զիրենք գտնելու եւ վերադառնալու յաղթական երթին:

Մետիսըն (2), Փորթօ եւ Ճոնսըն նշանակեցին ի նպաստ Թոթենհամի, որուն իտալացի բերդապահ Կիելմօ Վիքարիօ քանի մը վտանգաւոր առիթներ զսպեց: Իր կարգին, Սիթիի բերդապահ Էտերսոն քանի մը առիթ զսպեց, բայց պէտք է ըսել, որ Սիթի առանց Ռոտրիի դաշտի կեդրոնը կը կորսնցնէ իր կապը մնացեալ գիծերուն: Ռոտրի շատ կարեւոր տարր մըն էր Սիթիի պաշտպանողական գիծին, ինչպէս նաեւ շատ անգամ յառաջանալով` յարձակողական գիծին: Ան կը նմանի գերմանացի Թոնի Քրուսին, որ նոյն պաշտօնը կ՛ընէր Ռէալ Մատրիտի հետ երկար տարիներէ ի վեր:

Արսենալ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը: Սաքա, Փարթի եւ Նուաների նշանակեցին Արսենալի երեք անպատասխան կոլերը: Պէտք է ըսել, որ Արսենալի վերջին յաղթանակը «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով Սաութհեմփթընի դէմ էր 5 հոկտեմբերին, այդ մրցումէն ետք Արսենալ իր 4 մրցումներուն երկու հաւասարութիւն եւ երկու պարտութիւն կրած էր` հեռու մնալով պարագլուխի դիրքէն:

«Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն, Պայերն Միւնիխ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աուկզպուրկը` շնորհիւ Հերի Քէյնի հեթ-թրիքին: Պայերն այժմ 6 կէտի առաւելութիւն ունի Բ. դիրքը գրաւող Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի վրայ:

Ֆրանքֆորթ գրաւեց Բ. դիրքը` շնորհիւ Մարիօ Կէօթցէի կոլին, մինչ Լայփցիկ 4-3 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հոֆենհայմի դաշտին վրայ:

67-րդ վայրկեանին Էնսոքի նշանակեց Լայփցիկի 3-րդ կոլը, եւ կը կարծուէր, որ Հոֆենհայմ 3-2 արդիւնքով պիտի պարտուի, սակայն վերջին 8 վայրկեաններուն Հոֆենհայմ 2 կոլ նշանակեց եւ յաղթեց մրցումը:

Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն մրցումի առաջին 20 վայրկեաններուն 2 կոլ ստանալէ ետք Հայտընհայմէն կրցաւ 5 կոլ նշանակել եւ յաղթել` մնալով 4-րդ դիրքին վրայ:

«Լա լիկա»-ի մրցումներուն, Պարսելոնա Սելթա Վիկոյի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակի կ՛ուղղուէր, սակայն վերջին 6 վայրկեաններուն Սելթա 2 կոլ նշանակեց` անակնկալի բերելով Քաթալոնիոյ կազմը, որուն միջնապահ Քասատօ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով հեռացած էր դաշտէն 82-րդ վայրկեանին:

Օրուան հետաքրքրական մրցումներէն մէկն էր Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ալավես մրցումը, որ մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի ասպարէզին 700-րդն էր Աթլեթիքոյի հետ: Աթլեթիքօ, որ շատ յաջող ելոյթներ չէր ունենար այս տարի, կրցաւ իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրել, առաջին ըլլալով անցեալ յունուարէն ի վեր:

«Սերի Ա.»-ի մրցումներուն, ախոյեան Ինթեր Միլան – Վերոնայի դաշտին վրայ 5 կոլ նշանակեց մրցումի առաջին կիսախաղին, նոյնիսկ առանց Լաութարօ Մարթինեսի եւ Հաքան Չալհանօղլուի:

Խոաքին Քորրէա, Մրքուս Թիւրամ (2), Շթեֆան տը վրայ եւ Եան Պիսեք նշանակեցին Ինթերի 5 կոլերը:

Իտալիոյ պատմական խումբեր Ա. Սէ. Միլան եւ Եուվենթուս իրար դէմ մրցեցան Սան Սիրոյի մէջ, բայց ասիկա սպասուած մրցումը չէր, եւ համակիրները տուն մեկնեցան առանց կոլ տեսնելու: Եուվենթուս մնաց «Սերի Ա.»-ի միակ անյաղթ խումբը:

 

Նախորդը

Օլիվիէ Ժիրու Իր Շապիկը Նուիրեց Հայկական Բարեսիրական Միութեան Աճուրդի

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Մաքս Վերշթափըն Աշխարհի Ախոյեան` 4-րդ Տարին Ըլլալով

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.