Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Վերականգնման Համար

November 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

(Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Ներկայ աշխարհակարգին մէջ աւելիով կը շեշտուի անկախութիւն յղացքին յարաբերականութիւնը: Շատ տեղեր անուանական իմաստ կը ստանայ անիկա, ըստ էութեան կախեալութեան բոլոր տուեալները պարզելով:

Բեւեռացած եւ հակաբեւեռացման միտումներ դրսեւորող երկրագունդը խորքին մէջ տարբեր երկիրներ, գօտիներ կախեալ պահելու պայքարի դաշտ է, տեղ-տեղ տնտեսական տեսքով, այլ տեղեր զինուորական, ուրիշ պարագաներու մշակութային եւ քաղաքակրթական:

Լիբանանը իր վերջին ժամանակահատուածի ամէնէն մռայլ պայմաններուն մէջ կը նշէ Անկախութեան օրը: Պետութիւնը, որ իր հաստատութիւններով եւ բանակով անկախութեան եւ գերիշխանութեան երաշխաւորն է, այսօր քայքայուած, կազմաքանդուած իրավիճակ կը պարզէ: Չկայ հանրապետութեան նախագահ, կայ հրաժարական տուած վարչապետ եւ կառավարութիւն, կը գործեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար, ընթացիկ աշխատանքներ վարող պաշտօնեաներ  եւ ոչ լիարժէք գործառոյթներ իրականացնող   հաստատութիւններ:

Պետական օրինականութիւն պահպանող հաստատութիւնը օրէնսդիրն է, որ չի յաջողիր գոյացնել անհրաժեշտ համախոհութիւնը, նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, նախագահի թեկնածուի շուրջ համաձայնելու:

Անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը իրողական առումով խիստ տարակուսելի են: Բանակը չի մասնակցիր իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դիմակայման:

Անկախութեան եւ գերիշխանութեան դիւրաբեկումի ցուցանիշը սահմաններու սասանելիութիւնն է: Տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ իրերայաջորդ եւ անարգել խախտումները, ներխուժումները, լիբանանեան տարածքներու վրայ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելը: Մէկ խօսքով, անկախութեան առեւանգումը, պատանդառումը:

Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու պայմանները Իսրայէլի կողմէ անվերջ կը փոխուին, կը խստացուին, միջազգային օրէնքներու ոտնահարումով կը նորացուին: «Կա՛մ մեր պայմանները, կամ ջրհեղեղ», կը սպառնայ Իսրայէլ:

Իսկ պայմաններու բաւարարումը լիբանանեան կողմէն պարզապէս անձնատուութեան համազօր քայլ կը նկատուի, ընդունելով, որ Իսրայէլ որեւէ պահու օդէն, ծովէն, ցամաքէն լիբանանեան տարածքներ հարուածելու իրաւունք ունենայ: Առանց հեռանալու լիբանանեան տարածքներէն պարտադրէ դիմադրութեան նահանջը, չբաւարարուի միջազգային խաղաղապահութեան, նոյնիսկ յատուկ յանձնախումբերու երաշխաւորումներով եւ միայն ի՛նք, ի՛ր կողմէ ճշդուած եղանակով ստանձնէ Լիբանանի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու դրութիւնը:

Այս պայմաններուն մէջ համաձայնիլը պարզապէս համաձայնիլ է լիբանանեան անկախութեան իրողական զիջումին, իր գերիշխան իրաւունքներու փոխանցումին եւ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու գործառոյթներու յանձնումին:

Դէպի անկախութիւն ձգտելու կամ անկախ կարգավիճակ պահելու համար ամէնէն առաջ հրամայական է ներքին համերաշխութիւնը: Ազգային գիտակցութեան ձեւաւորումը: Պատերազմի պատասխանատուութիւնը թշնամիէն առաջ համայնքի մը կամ համայնքի իրողական ուժի չվերագրելը, իր համաքաղաքացին  նոյն ժողովուրդին հատուածը նկատելը եւ համախոհութեան հիման վրայ պետական կառոյցներու վերականգնումը:

Խորհրդարանի  նախագահը փաթեթային  դրուածքով կը խօսէր հրադադարին եւ ընդհանուր համաձայնութեան մասին, իրերայաջորդ կարգով նշելով` զինադուլի համաձայնութիւն, խորհրդարանի նիստի գումարում եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն:

Գործողութիւններու փոխկապակցուածութեան տրամաբանութիւնը ինքնին այստեղ կը յուշէ, որ առանց ներքին գիտակցական համախոհութեան չկայ, չի կրնար գոյանալ որեւէ հիմնական համաձայնութիւն: Առանց ներքին համախոհութեան ամրագրումին նոյնիսկ եթէ գոյանայ զինադուլ, ապա անիկա կ՛ըլլայ ժամանակաւոր եւ դիւրաբեկ: Թշնամին յենուելով նաեւ ներքին անհամաձայնութիւններու վրայ մէկ հատուածին կոչ կ՛ընէ ազատագրուելու միւս հատուածէն եւ կը հարուածէ անարգել, անխնայ, կը շարունակէ սասանել երկրին սահմանները եւ այդ բոլորով անհեթեթ դարձնել երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը` անձնատուական պայմաններ պարտադրելով:

Անկախութեան վերականգնումի եւ պահպանումի ելակէտը ներքին համաձայնութիւնն է: Գիտակցումը, որ արտաքին մարտահրաւէրներու եւ անկախութեան սպառնալիքի չէզոքացման աշխատանքները կը սկսին ներքին համախոհութեան ամրագրումով: Այլապէս, կը շարունակուի այս ընթացքը, կ՛ոտնձգուի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ խիստ կասկածելի կը դառնան արդէն իսկ տատանուող անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Սրբազան Իրաւունք Է»

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.