Իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի օր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ շղթայազերծեց բուռն յարձակումներ, իսկ Հըզպալլա հակադարձեց հիւսիսային Իսրայէլի վրայ անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ արձակելով, մինչ Խիամի շրջանին մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:
Իսրայէլեան օդուժը առաւօտեան ժամերէն յարձակումներ գործեց Սուր գաւառի Մանսուրի գիւղի մերձակայքին եւ Սուր քաղաքին վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Արնուն, Զաութար Ղարպիէ, Մաժտալ Զուն, Շհայթիէ եւ Սուր քաղաքին կից գտնուող Հաուշ շրջանին վրայ, ինչպէս նաեւ Սայտա գաւառի Ատլուն գիւղի մերձակայքին վրայ:
Իսրայէլեան հրետանին իր կարգին ռմբակոծեց Սուր գաւառի Քլէյլէ եւ Հանիէ գիւղերու մերձակայքը:
Իսրայէլեան օդուժը Սուր քաղաքին մէջ յարձակում գործեց շէնքի մը եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ շարք մը շէնքերու վրայ:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի արձակած հրթիռներէն մէկը ինկաւ Նահարիա քաղաքին մէջ, ուր արձանագրուեցաւ զոհ մը:
Լիբանանեան սահմանին կից եղող Մթըլլէի գիւղապետը յայտնեց, որ գիւղին տուներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը վնասուած է, իսկ ենթակառոյցները ենթարկուած են հսկայական քանդումի: Ըստ անոր, իսրայէլեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի Հըզպալլայի հետ անձնատուութեան համաձայնութիւն ստորագրելու:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող 82 բնակեցման վայրերու հասած վնասներուն արժէքը 5 միլիառ շեքել է:
Հըզպալլա հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի արեւելքին մէջ հրթիռակոծեց իսրայէլեան ուժերը: Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ բախումներու ընթացքին «Կոլանի» զօրամասէն զինուոր մը սպաննուած է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ ան սպաննուած է չորեքշաբթի օր սպաննուած իսրայէլացի հռչակաւոր հնագէտ Զայիֆ Ռայխի սպաննուած վայրին մէջ` Հըզպալլայի մարտիկներուն հետ բախումի մը ընթացքին:
Ղաուֆար բնակեցման վայրի բնակիչ, 71 տարեկան Ռայխ չորեքշաբթի օր սպաննուած էր «Կոլանի» զօրամասին հետ Լիբանանի մէջ ապօրինի աշխատանքներ կատարելու ընթացքին` Հըզպալլայի մարտիկներուն լարած թակարդը իյնալէ ետք: Իսրայէլեան աղբիւրներ նշեցին, որ չորեքշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած են իսրայէլացի 4 զինուորներ, որոնցմէ մէկը` մասնայատուկ «Մաժլան» միաւորէն, ինչպէս նաեւ 10 ուրիշներ վիրաւորուած են:


