Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԸ մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Պէտք է հարաւային Լիբանանի մէջ 15 քիլոմեթր խորութեամբ արգելակիչ գօտի ստեղծել եւ բանակցելու փոխարէն զայն բռնագրաւել»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին նախարար Կատի Այզենքոթ նշեց. «Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտիի ստեղծումը հրոսակային պատերազմի պիտի յանգեցնէ»:

– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Մեհրապի մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի:

Ըստ տեղեկութեան, հանդիպումը լաւ էր, եւ քննարկուած են Հոքշթայնի` խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները: Ժահժահ իր կարգին ներկայացուցած է ներկայ զարգացումներուն վերաբերեալ իր տեսակէտը:

– ՆԱԽԿԻՆ նախագահ Միշել Աուն Ռապիէի իր տան մէջ հանդիպում ունեցաւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի, նախկին նախարար Սալիմ Ժրէյսաթիի եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Կապրիել Իսայի:

Հոքշթայն Աունը տեղեակ պահած է զինադադարի հաստատման բանակցութիւններու ընթացքէն եւ ներկայացուցած կարգ մը գաղափարներ ու առաջարկներ` ամրապնդելու համար այդ բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի իրաւունքներն ու լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը:

– ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ճակատի վրայ իսրայէլեան բանակի հրամանատար Ուրի Կորտին յայտնեց. «Մեր նպատակը հիւսիսի բնակիչներուն անվտանգ տունդարձի պայմանները պատրաստելն ու զանոնք պաշտպանելն է»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ քննարկեց տեղական ու շրջանային ներկայ զարգացումները, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու Լեռնալիբանանի շրջան հասնող տեղահանուածներու թղթածրարը: Վերահաստատուած են Պաատարանի մէջ բեւեռներու հանդիպումի բոլոր կէտերը:

– ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ այցելեց Եարզէի մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի գրասենեակ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով նահատակուած բանակայիններուն համար:

 

 

Նախորդը

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Պաքուին Եւ Երեւանին Մինչեւ Նոյեմբեր 2025 Ժամանակ Տուած Է` Փաստաթուղթեր Պատրաստելու

Յաջորդը

Պորել Կիրակի Օր Լիբանան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.