Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Հոքշթայնի Շրջապտոյտը Վերջինն Է, Եւ Այս Անգամ Բանակցութիւնները Բանի Մը Վրայ Հիմնուած Են»

November 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի շրջապտոյտը վերջինն է եւ այլ շրջապտոյտ պիտի չըլլայ»: Այս մասին հաղորդեց «Ախպար» օրաթերթը:

«Այս անգամ բանակցութիւնները բանի մը վրայ հիմնուած են, կը սպասենք իսրայէլեան կողմի պատասխանին», նշած է Պըրրի:

«Իսրայէլեան դիրքորոշումին վերաբերեալ երաշխիքները ամերիկացիներուն ուսերուն վրայ են», աւելցուցած է ան:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ քննարկուող նախագիծը իսրայէլացիներուն հետ քննարկուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, Պըրրի պատասխանած է. «Հոքշթայն կ՛ըսէ, թէ նախագիծին շուրջ իսրայէլացիներուն հետ համակարգում կատարած է»:

Խորհրդարանի նախագահը այս առումով «Նահար» օրաթերթի հարցումներուն պատասխանելով եւս նշեց, որ Հոքշթայն, նախքան հանրապետականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանութիւնը ստանձնելը, վերջին փորձ կը կատարէ:

Պըրրի նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է ամերիկացի պատուիրակին հետ իր գոյացուցածին նկատմամբ, սակայն կարեւորը գործադրութիւնն է:

Ան նշած է, թէ Հոքշթայնէն դրական նշաններ ստացած է, եւ իրենց միջեւ հաղորդակցութիւնները շարունակուած են մինչեւ կէսօրէ ետք:

Պըրրի յայտնած է, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հոքշթայնի հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան համաձայն գտնուի, մեծ փուլ իրագործուած կ՛ըլլայ, եւ եթէ զինադադար հաստատուի, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առաքելութիւնը կը դառնայ աւելի դիւրին եւ «դժուարութիւններու էջը փակող»:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Մոնիթըր» կայքին յայտնեցին. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատրաստ է ստորագրելու Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն մը, որ ամերիկեան զինուորական դերակատարութիւն մը կը պարունակէ»:

«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «ճիշդ չեն այն տարաձայնութիւնները, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հսկողութիւնը կատարելիք յանձնախումբը պիտի ներառէ Բրիտանիան կամ որեւէ արաբական պետութիւն, այլ անոր մաս պիտի կազմեն միայն Լիբանանը, Իսրայէլը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը»:

«Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւնը երկու կողմերուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունք պիտի շնորհէ, եթէ անոնցմէ մէկը միւս կողմէն յարձակումի ենթարկուի», նշեց «Էլ.Պի.Սի.»:

 

 

Նախորդը

Փլասխարթ. «Թիւ 1701 Որոշումի Անլուրջ Գործադրութիւնը Միայն Նոր Պատերազմի Բռնկման Պիտի Յանգեցնէ»

Յաջորդը

Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.