Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փլասխարթ. «Թիւ 1701 Որոշումի Անլուրջ Գործադրութիւնը Միայն Նոր Պատերազմի Բռնկման Պիտի Յանգեցնէ»

November 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ գործողութիւններու հարցով տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցին զեկուցում մը:

Փլասխարթ յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի յառաջիկայ զեկուցումին եւ «Կապոյտ գիծը շրջանցող թշնամական արարքներու մագլցում»-ին վրայ:

Փլասխարթ Ապահովութեան խորհուրդի յայտնած է, թէ Լիբանան աղէտալի հետեւանքներ ունեցող մարդասիրական տագնապ մը կը դիմագրաւէ:

Ան շեշտած է, թէ պատերազմի մեքանիզմը խորքային խնդիրները չի լուծեր, ինչպէս նաեւ Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն վրայ գտնուող քաղաքայինները իրենց տուները վերադառնալու կարող չի դարձներ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչը նշած է, թէ հակառակ տեղի ունեցած բոլոր խնդիրներուն, «երկու կողմերը այժմ կը գտնուին այս քանդիչ փուլին վերջ տալու առիթի մը առջեւ, մանաւանդ որ տագնապին վերջ տալու կարող շրջագիծը իրողապէս գոյութիւն ունի, անիկա թիւ 1701 որոշումն է»:

«Սակայն այն, ինչ որ պէտք է, այս անգամ յստակ պէտք է ըլլայ, որ անիկա այն է, թէ կողմերը այլեւս անկարող են ընտրովի կէտեր գործադրել եւ անտեսել այլ կէտեր», աւելցուցած է ան:

Փլասխարթ շեշտած է. «Երկու կողմերը չեն կրնար երեւութական հանդարտութեան ծածկոյթին տակ որոշումին անլուրջ գործադրութեան մէկ այլ ժամանակաշրջանի հետեւանքները տանիլ, որովհետեւ ատիկա միայն նոր պատերազմի բռնկման պիտի յանգեցնէ»:

Այս առումով ան շեշտեց «լիբանանեան պետութեան հաւասարակշռութեան վերադառնալու կարեւորութիւնը»:

Ան նշեց, որ որոշ ոլորտի մէջ լուծումներ գտնելը պէտք չէ այլ ոլորտներու մէջ բացերու ստեղծման յանգեցնէ: «Լիբանանեան զինեալ ուժերու աջակցութիւն զօրակոչի ենթարկելու ջանքերը պէտք է կեդրոնանան Լիթանի գետէն հարաւի եւ հիւսիսի համար ճշդուած կարիքներուն վրայ», ըսաւ ան:

Փլասխարթ նաեւ նշեց, որ այս տագնապին տնտեսական հետեւանքները պիտի ըլլան լայնածաւալ, ինչ որ աւելի եւս կը բարդացնէ արդէն իսկ վատ վիճակի մէջ գտնուող ընկերային, տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի յանգեցնէ կանոնաւոր փտածութեան տարածման:

Փլասխարթ ողջունեց մինչեւ հիմա նուիրատու երկիրներու տրամադրած բոլոր նպաստները եւ ըսաւ. «Լիբանանի համար ֆինանսաւորման տրամադրման կոչին միայն 23,5 առ հարիւրով բաւարարումի լոյսին տակ, պէտք է խոստումները վերածել իրողական ֆինանսաւորման, որ կը պատշաճի տագնապի սրութեան»:

 

Նախորդը

Պորել Կիրակի Օր Լիբանան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Պըրրի. «Հոքշթայնի Շրջապտոյտը Վերջինն Է, Եւ Այս Անգամ Բանակցութիւնները Բանի Մը Վրայ Հիմնուած Են»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.