Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ

November 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումները, մասնաւորաբար թիրախաւորելով Ղպէյրիի շրջանը:

Անօդաչու թռչող սարքեր երկու յարձակումներ գործեցին Ղպէյրիի վրայ, ապա ռմբաձիգ օդանաւ մը բուռն յարձակում գործեց շրջանին վրայ Ղպէյրիի քաղաքապետարանին մօտ, այդ պատճառով ալ շէնք մը փուլ եկաւ:

Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը զգուշացուց շրջանին բնակչութիւնը լքելու շրջանը, որմէ ետք Ղպէյրիի մէջ լսուեցան առատ կրակոցներ` զգուշացնելու համար բնակիչները, որ պէտք է հեռանան շրջանէն:

Ղպէյրիի քաղաքապետ Մաան Խալիլ երէկ յայտնեց, որ վերջին նուազ քան 48 ժամուան ընթացքին իսրայէլեան օդուժը Ղպէյրիի վրայ 11 յարձակումներ գործած է:

Հըզպալլան երէկ առաւօտեան տեսակարար հրթիռներով հրթիռակոծեց Հայֆայի հարաւը գտնուող «Թիրեթ Քարմել» ռազմակայանը, ինչպէս նաեւ Հայֆայի մէջ Քրիոթ շրջանը, ուր թիւ 79 թաղամասին մէջ ինկաւ հրթիռ մը` պատճառելով 3 վիրաւոր:

Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Միսքաֆ Ամ բնակեցման վայրին, «Եաֆթահ» զօրանոցին եւ Մարքապա գիւղի արեւելեան մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:

Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց իսրայէլեան բանակի «Կոլանի» զօրամասի հրամանատարութեան վարչական կեդրոնատեղին եղող «Շարաղա» ռազմակայանը, որ կը գտնուի Աքքայի հիւսիսը:

Հըզպալլայի մարտիկները հարաւային Լիբանանի արեւմտեան հատուածի Ժըպպին-Թէյր Հարֆա-Շամհ եռանկիւնին վրայ բուռն մարտեր մղեցին ներթափանցել փորձող իսրայէլեան ուժերու հետ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը կը փորձեն Պայատայի եւ Ուատի Համուլի ուղղութեամբ յառաջանալ:

 

Նախորդը

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Եռաբլուրի Նահատակաց Պանթէոնէն

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.