Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ զօր. Ալի Ֆատաւի յայտնեց. «Պէտք է բոլորը նպաստեն Դիմադրութեան ճակատին աջակցութեան եւ անհաւատութեան ճակատի դիմակայման, իւրաքանչիւր անձ ըստ իր դիրքին, ըստ իր պատասխանատուութիւններուն ու կարողութիւններուն մարտի այս դաշտին մէջ պէտք է ներկայ ըլլայ»:
Զօր. Ֆատաւի Քոմի մէջ Հըզպալլայի գրասենեակին կազմակերպած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման քառասունքին արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Մենք, ինչպէս որ անցնող քառասուն տարիներուն Հըզպալլայի հետ մէկ ձեռք էինք, պիտի շարունակենք աւելի լրջութեամբ ու նախկինէն շատ աւելի արագ անոր աջակցիլ, ատոր վստահ եղէք»:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուիլը Իրանի համար տարբերութիւն պիտի ընէ՞, ան ըսաւ. «Չարիքի ճակատը իր նենգութիւնը չի փոխեր, եւ ինչ կը վերաբերի Մեծ սատանայի բնոյթին, մեզի համար անոնց միջեւ տարբերութիւն գոյութիւն չունի»:
Միւս կողմէ, Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի նշեց. «Թշնամին կարծեց, որ Հըզպալլան անոր ղեկավարներուն ահաբեկումէն ետք վերջ գտաւ, սակայն Դիմադրութեան մարտիկները անոր հարուածներ կը հասցնեն»:
«Թշնամիներուն կ՛ըսենք` վրէժ պիտի լուծենք, ցաւալի հարուածներ պիտի ստանաք, եւ սպասեցէ՛ք մեր հակադարձութեան», աւելցուց Սալամի:


