Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ Իրան այսօր աւելի քան երբեք ենթակայ է իր հիւլէական կառոյցներուն դէմ հարուածի, եւ ազգային լայն համախոհութիւն գոյութիւն ունի, որ պէտք է իրանեան հիւլէական ծրագիրը տապալել, ինչպէս նաեւ կայ այն հասկացողութիւնը, թէ նպատակը իրագործելի է:
Քաց յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ որեւէ ժամանակաւոր զինադադար կամ դադրեցում պիտի չըլլայ, պիտի շարունակենք մեր ամբողջ ուժով հարուածել Հըզպալլան ու զայն մղել Լիթանի գետէն ետ եւ հիւսիսի բնակիչները վերադարձնել»:
Քաց շեշտեց, որ Իսրայէլ համաձայն պիտի չըլլայ որեւէ կարգաւորման, որ չ՛երաշխաւորեր կանխարգիլում պարտադրելու եւ ահաբեկչութիւնը արգիլելու իր իրաւունքը:


