Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Շաբաթավերջին Երեւանի Մէջ` ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողով Եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-Ամեակի Տօնակատարութիւն

November 13, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին զուգադիպող շաբաթավերջը` 15-17 նոյեմբերը, ձեռնարկներով եռուն պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ: 16 եւ 17 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ միութեան միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 19 շրջաններէ 36 մասնակիցներու: Խորհրդաժողովը պիտի քննէ միութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը (Եւրոպայի ցամաքամասի Ա. բանակում, սկաուտական խմբապետական Թ. համագումար, քարոզչական առցանց Բ. համագումար, ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքներ եւ այլն) եւ մօտէն ծանօթանայ յառաջիկայի աշխատանքներուն (Ամերիկեան ցամաքամասի Ա. բանակում, Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղեր, Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի նախապատրաստութիւններ, նաւապտոյտ եւ այլն):

Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի ուրբաթ, 15 նոյեմբերի առաւօտեան, Եռաբլուրէն: Նոյն օրը, երեկոյեան, Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հանդիպումը` հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը պիտի ծառայէ 106-ամեայ միութեան աշխարհասփիւռ աշխատանքներուն ծանօթացման եւ փոխադարձ գործակցութեան կապերու հաստատման:

Շաբաթ, 16 նոյեմբերի երեկոյեան, տօնակատարութեամբ մը պիտի նշուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը եւ Հայաստանի մէջ  վերընձիւղման 35-ամեակը: Իսկ կիրակի, 17 նոյեմբերին, խորհրդաժողովին մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ եւ Էջմիածին, ուր յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մահացած եւ նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին: Յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ պիտի կատարէ 35-ամեակի սկաուտական ձեռնարկ:

Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական խորհրդաժողովները քառամեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենան 1985-էն ի վեր, սակայն առաջին անգամն է, որ կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ, Հայաստան:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Կ՛ուշանայ Խաղաղութիւնը

Յաջորդը

Անգլիացի Իրաւարար Տէյվիտ Քութ Կախակայուած

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.