Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ռուսական Երաշխիքներու Ակնարկութիւնները

November 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր զինադուլի հաստատման մասին դարձեալ համաձայնագիրի կէտերու նախագիծ կը շրջանառուի: Հինգ շաբթուան վրայ երկարող զինադուլ, որուն համար նախապայմանը ոչ միայն Հըզպալլայի ուժերու Լիթանի գետի հիւսիսային հատուած նահանջն է, այլեւ Հըզպալլայի սպառազինութեան ամբողջական դադրեցումը: Այս նախապայմանով է, որ իսրայէլեան ուժերը կը հեռանան լիբանանեան տարածքներէ, հիմք ունենալով միջազգայնօրէն ընդունուած սահմանը: Անշուշտ միշտ ըստ այս թէական նախագիծին:

Շատ ընդհանուր այս սկզբունքներուն մէջ կեդրոնանալի կէտը Հըզպալլայի սպառազինութեան դադրեցումի պահանջն է, ինչ որ բոլոր տեսակի սահմաններու վերահսկողութիւն կ՛ենթադրէ: Իսրայէլ չի բաւարարուիր միջազգային երաշխիքներով եւ        կ՛ուզէ ի՛ր կողմէ ճշդուած եղանակով վերահսկողութեան գործիքակազմեր կիրարկել:

Պարզ է, որ օդային տարածքը անարգել օգտագործելի կը մնայ Իսրայէլի կողմէ: Հակաօդային պաշտպանուածութիւն գոյութիւն չունի, ձայնի պատի ճեղքումներ, կործանիչներու կողմէ հրթիռակոծումներ, անօդաչուներու շուրջօրեայ շրջագայութիւններ` հետախուզական, նկարահանման կամ հարուածային առաքելութիւններով, կը ճեղքեն, կը շրջագային եւ անդադար կը հարուածեն լիբանանեան որեւէ տարածք որեւէ պահու:

Ծովային սահմանազատումէն ետք ոչ միայն իսրայէլեան ռազմանաւեր, այլ նաեւ ամերիկեաններ կը հսկեն միջերկրականեան ջրային տարածքներուն: Նպատակը կարճաժամկէտ դրուածքով ծովու ճամբով ռազմական օժանդակութիւններու Լիբանան հասնելու արգելակումն է, իսկ աւելի հեռահար նպատակով Միջերկրականի վրայ մնայուն վերահսկողութիւն հաստատելը:

Կը մնայ ցամաքը: Իսրայէլեան ուժերը քանի մը առիթներով քանդեցին դէպի Դամասկոս գացող հիմնական ճանապարհը:  Սուրիոյ տարածքին կը հրթիռակոծուին, ըստ լրատուութիւններու, իրանեան յենակէտեր, չէզոքացնելու համար այնտեղէն եւս Հըզպալլային հասնելիք որեւէ օժանդակութեան կարելիութիւն:

Սուրիայէն դէպի Լիբանան հասնելիք որեւէ սպառազինութեան տեղաշարժ քաղաքական տրամաբանութեամբ կը համաձայնեցուի Մոսկուայի հետ: Պաշտօնական Դամասկոսը այն դրուածքին մէջ է, որ ռազմավարական-տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող իր քայլերը կը համակարգէ ռուսական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Իսրայէլը այս առումով երկընտրանքի առջեւ կանգնած է: Գիտակցելով, որ Սուրիա-Հըզպալլա ռազմաճանապարհի սառեցումը կախեալ է որոշ հանգամանքներով Մոսկուայէն, երաշխիքներ կը պահանջէ Դամասկոսէն բացառելու որեւէ զինուորական օժանդակութիւն կամ սպառազինութիւն: Պահանջը կը հասցէագրէ Դամասկոսին, սակայն երաշխիքը կը պահանջէ Մոսկուայէն:

Միւս կողմէ, սակայն, երբ շրջանառութեան մէջ կը դրուի ամերիկեան-ռուսական  համակարգումով համաձայնութեան նախագիծի տարբերակ, Թել Աւիւը պաշտօնապէս կ՛ընդդիմանայ Ռուսիոյ դաշնութիւնը ներգրաւելու տարածաշրջանի խնդիրներու կարգաւորման:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին պաշտօնավարման ստանձնումէն առաջ աշխարհաքաղաքական խնդիրներու շուրջ բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւններ կը շրջագային: Իշխանութեան անցնցում փոխանցման Պայտըն- Թրամփ հանդիպումը վաղը կը կայանայ: Մինչ այդ, դէպի Ռուսիա, Ուքրանիա, Իրան, Իսրայէլ եւ Լիբանան ուղերձներ կը յղուին: Տպաւորութիւն կը ձեւաւորուի, որ շտապ համաձայնութիւններու յանգելու դիւանագիտական ճիգերը վերաշխուժացած են: Այստեղ կը փոխկապակցուին Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները: Երկու պարագային Մոսկուայի դերի վերարժեւորման ուրուագիծերը տեսանելի կը դառնան:

Այս հանգամանքներուն նկատառումով անհրաժեշտ է ընկալել շրջանառուող տեղեկութիւնը, ըստ որուն ռուս-ամերիկեան երկխօսութեան հիման վրայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացուի նոր նախագիծ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու: Լուրերը պաշտօնական չեն, սակայն առատ են այս առումով: Հակառակ անոր որ Մոսկուան կը հերքէ Թրամփ-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալու մասին լրատուական թողարկումները:

Կանուխ է եզրայանգում կատարելը: Յստակը այն է, որ ռուսական երաշխիքներու կայացման պարագային կը փոխկապակցուին ոչ միայն Կազան եւ Լիբանանը, այլ նաեւ` Ուքրանիան:

Պաշտօնական լրատուութիւնը հետեւեալն է: Սուրիա-Լիբանան սահմանի վերահսկողութեան համար կամ հաւանական զինադուլի նոր նախագիծին առնչութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշագրաւ յայտարարութիւն կը կատարէ, թէ իրենք ուշադիր կը հետեւին շրջանային փոփոխութիւններուն եւ կը շարունակեն տարածաշրջանի գործընկերներուն հետ իրենց խորհրդակցութիւնները:

Փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ, որ նոր տեղաշարժերու միտումներ կան: Իսկ գործընկերներէն առաջինը այս պարագային կը թուի Մոսկուան ըլլալ:

«Ա.»

Նախորդը

Հըզպալլա Հրթիռակոծեց Քարմայէլի Իսրայէլեան Ռազմակայանը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Նոյեմբեր 2024)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.