Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Ձախող Սկիզբէ Մը Ետք Վերշթափըն Շահեցաւ Պրազիլի Կրան Փրին

November 5, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Պրազիլի կրան փրիի սփրինթի մրցումը, որ եղաւ 5-րդը այս տարուան: Սփրինթի մրցումը 100 քմ կ՛ըլլայ իր շրջավազքի համեմատ (քանի շրջան ըլլալը): Օրինակ` Պրազիլի սփրինթի մրցումը 24 շրջանի վրայ էր, ուր առաջին 8 դիրքերը գրաւող վարորդները կը շահին կէտեր: Առաջին դիրքը գրաւող վարորդը 8 կէտ կը շահի, իսկ մնացեալը նուազ 1 մինչեւ 8-րդ դիրք (1 կէտ):

Շաբաթ օր Պրազիլի մէջ սփրինթի մրցումը «Մաքլարեն»-ի վարորդ Լանտօ Նորիսը շահեցաւ, երբ իր խմբակիցէն` Օսքար Փիասթրիէն պահանջուեցաւ (իր խումբէն) փոխանակուիլ դիրքերը: Փիասթրի սփրինթի սկիզբէն առաջին դիրքը գրաւած էր: «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն գրաւած էր 3-րդ դիրքը, սակայն մրցումէն ետք 5 երկվայրկեան պատիժի ենթարկուելով իր դիրքը կորսնցուց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլերի հաշուոյն:

Պրազիլի կլիման պատճառ դարձաւ, որ տեղի չունենան փոլ-փոզիշընի մրցումները եւ յետաձգուին կիրակի օրուան: Անձրեւին պատճառով բազմաթիւ ինքնաշարժներ արկածներ կ՛ունենան, ատոր համար ալ Ալեքս Ալպոն չկրցաւ մասնակցիլ իր «Ուիլիամս»-ով, մինչ Լանս Սթրոլ մրցումին առաջին նախապատրաստական շրջանին (ֆորմէյշըն լափ) հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ դուրս ելաւ:

Մրցումը չսկսած, Վերշթափըն ինքնաշարժին վրայ փոփոխութիւն մը կատարած էր եւ պիտի սկսէր 17-րդ դիրքէն, մինչ իր ամէնէն մօտ մրցակից Նորիս, որ առաջին դիրքէն սկսաւ, յուսախաբեցնող մրցում մը ունեցաւ` աւարտելով 6-րդ դիրքին վրայ:

Առաջին դիրքը գրաւեց Վերշթափըն, որ օգտուեցաւ բոլորին սխալներէն, նոյնիսկ սէյֆթի քարի միջամտութիւններէն եւ անիւ փոխելու ժամանակէն` հետզհետէ մօտենալով եւ անցնելով իր մրցակիցներուն:

«Ռետ Պուլ»-ի վարորդը մեծ քայլ մը առաւ շահելու այս տարուան ախոյեանութիւնը, որ իր 4-րդ յաջորդականը կրնայ ըլլալ: Տակաւին 3 կրան փրիներ կան, ուր Վերշթափըն պիտի փորձէ իր մրցակիցէն աւելի լաւ արդիւնք արձանագրել` հաստատելով իր 4-րդ ախոյեանութիւնը:

Վերշթափըն, որ յունիսէն ի վեր չէր շահած որեւէ կրան փրի, տարեշրջանի իր 8-րդ կրան փրին շահեցաւ 20 երկվայրկեանի առաւելութիւն մը ունենալով 2 անակնկալ անուններու… Էսթեպան Օքոնի եւ Փիեռ Կասլիի վրայ, որոնք «Ալփին»-ի հետ փոտիում բարձրացան: «Ալփին»-ի վարորդները օրուան անակնկալ արդիւնք արձանագրող զոյգն էին, անոնց շնորհիւ «Ալփին» 9-րդ դիրքէն 6-րդի բարձրացաւ` ինքնաշարժներու դասաւորման մէջ:

Օքոն 2021-ի Հունգարիոյ կրան փրին շահած էր նախապէս, մինչ Կասլի 2020-ին Իտալիոյ Մոնցան շահած էր «Ալֆա Թաուրի»-ի հետ:

Ստորեւ` Պրազիլի կրան փրիի արդիւնքները.

1.- Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») 2 ժամ 06:54.430
2.- Էսթեպան Օքոն («Ալփին») +19.477
3.- Փիեր Կասլի («Ալփին») +22.532
4.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես») +23.265
5.- Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի») +30.177
6.- Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն») +31.372
7.- Եուքի Ցունոտա («Ար. Պի.») +42.056
8.- Օսքար Փիասթրի («Մաքլարեն») +44.943
9.- Լիամ Լոսըն («Ար. Պի.») +50.452
10.- Լուիս Համիլթըն («Մերսետես») +50.753

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Մ. Վերշթափըն 393
2.- Լ. Նորիս 331
3.- Շ. Լըքլեր 307
4.- Օ. Փիասթրի 262
5.- Ք. Սայնց 244
6.- Ճ. Ռասըլ 192
7.- Լ. Համիլթըն 190
8.- Ս. Փերես 151
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- «Մաքլարեն Մերսետես» 593
2.- «Ֆեռարի» 557
3.- «Ռետ Պուլ Հոնտա»      4 544
4.- «Մերսետես» 382
5.- «Ասթոն Մարթին Մերսետես» 86
6.- «Ալփին Ռընօ» 49
7.- «Հաաս Ֆեռարի» 46
8.- «Ար. Պի. Հոնտա» 44
9.- «Ուիլիամս Մերսետես» 17
10.- «Քիք Սաուպըր Ֆեռարի» 0
Նախորդը

Սփերձեան Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.